ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հալէպի Շէյխ Թահա թաղամասին մէջ բնակող հայերէն շատեր լքած են իրենց բնակարանները եւ հաստատուած աւելի ապահով վայրերու մէջ ապրող իրենց ազգականներուն, բարեկամներուն քով։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացած է հալէպահայերու Դիմատետրի էջէն։ Թաղամասին մէջ հայերու տուներէն ոմանք կողոպտուած են։
Շէյխ Թահան բաւական մօտ է այժմ բախումներու շրջան համարուող Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին: Հակառակ անոր որ անիկա բանակի հսկողութեան տակ է, եւ արձակազէններ չկան, սակայն բարձրադիր Շէյխ Մաքսուտէն պատահական փամփուշտներ կը հասնին հոն:
Փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, արդէն քանի մը օրէ ի վեր Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ թաղումներ չեն կատարուիր, քանի որ շրջանը երկու կողմերու բախումներու թատերաբեմ եղած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.