ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներ կազմակերպութեան տարեկան 11րդ ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 16ին, կազմակերպութեան «Նարեկացի» շքանշանով մեծարուեցաւ Հայոց պատմութեան երկարամեայ դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը (այս մասին թղթակցութիւն պիտի հաղորդենք անջատաբար): Իրանահայ միութեան Կլենտէյլի կեդրոնը կայացած ձեռնարկին ընթացքին, UCLA-ի Հայագիտութեան «Նարեկացի» ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Փիթըր Քաուի յայտարարեց, թէ շնորհիւ համալսարանէն ներս Գըրգ Գըրգորեանի հաստատած «Երազ հիմնադրամ»ին («Dream Fund») կողմէ համալսարանի երաժշտական բաժանմունքին ու «Նարեկացի» ամպիոնին կատարուած դիմումին՝ «Լարք» երաժշտանոցի տնօրէն Վաչէ Պարսումեան պիտի սկսի հայկական երաժշտութիւն դասաւանդելու համալսարանէն ներս, առնուազն՝ յառաջիկայ երկու տարիներուն:
Փրոֆ. Փիթըր Քաուի նաեւ աւելցուց, թէ հայկական հնագիտական ուսումնասիրութեանց ծրագիր մը եւս հաստատուած է համալսարանի հնագիտութեան բաժանմունքին մէջ, առաջնորդութեամբ փրոֆ. Գրիգոր Արէշեանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.