ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներ կազմակերպութեան տարեկան 11րդ ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 16ին, կազմակերպութեան «Նարեկացի» շքանշանով մեծարուեցաւ Հայոց պատմութեան երկարամեայ դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Իրանահայ միութեան Կլենտէյլի կեդրոնի սրահը, աւելի քան 300 հիւրերու ներկայութեամբ՝ առիթ մը հանդիսանալով տօնելու փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի իրագործումները եւ մատնանշելու, թէ դասախօս ըլլալու կողքին, ան նաեւ պատմագէտ, հեղինակ եւ մարդկային իրաւանց գործիչ մըն է:
Ներկայ էին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ու առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, նաեւ Հայ կրթական հիմնարկութենէն քանի մը ներկայացուցիչ, ներառեալ՝ ներկայ ատենապետ Հերմինէ Փախանեանց եւ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան:
Նախքան ձեռնարկը, հիւրերը վայելեցին մուտքին տեղադրուած փրոֆ. Յովհաննէսեանի հեղինակած գիրքերուն իւրայատուկ ցուցահանդէսը, իսկ ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Անի Այվազեան ու Հիլտա Ֆիտանեան: Ապա բեմ բարձրացաւ հանդիսավար Ալիս Պետրոսեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ UCLA-ի Հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներ կազմակերպութեան ատենապետ դոկտ. Յասմիկ Պարան՝ լուսարձակի տակ առնելով մեծարեալին գլխաւոր իրագործումները:
Ապա ցուցադրուեցաւ մեծարեալին մասին Արա Սողոմոնեանի պատրաստած շարժապատկերը, ուր բազմաթիւ վկայութիւններ կային փրոֆ. Յովհաննէսեանի ուսանողներուն կողմէ:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր փրոֆ. Փիթըր Քաուի՝ UCLA-ի Հայագիտութեան «Նարեկացի» ամպիոնի վարիչը: Ան խօսեցաւ հայոց պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայագիտական ուսմանց զարգացման մէջ մեծարեալի արժէքաւոր ներդրումին մասին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մեծարեալի դստեր՝ Անի Յովհաննէսեանի, պատրաստած ու իր հօր նուիրուած շարժապատկերին ցուցադրութիւնը:
Տեսաերիզի միջոցաւ, UCLA-ի դասախօսներէն փրոֆ. Տէյվիտ Մայըրզ շնորհաւորեց մեծարեալը, ապա ներկաները վայելեցին Մերի Հայկի ջութակով ելոյթը: Տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ մեծարեալին զաւակը՝ Արմէն Յովհաննէսեանը, որուն պարտականութին տրուած էր ներկայացնել «Յովհաննէսեան մարդը» նիւթը:
Ապա, ներկաները վայելեցին իւրայատուկ հարցազրոյց մը, զոր փրոֆ. Յովհաննէսեանի հետ բեմին վրայ կատարեց «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանը:
Օրուան ամենահաճելի պահերէն մէկն էր մեծարեալին երկու թոռներուն վկայութիւնները, որմէ ետք, UCLA-ի դասախօսներէն փրոֆ. Սփիրոս Վրիոնիս ներկայացուց մեծարեալը եւ բեմ հրաւիրեց զայն:
Յոտնկայս ծափահարութիւններու տարափին տակ բեմ բարձրացաւ փրոֆ. Յովահաննէսեանը, որուն յանձնուեցաւ «Նարեկացի» շքանշանը՝ դոկտ. Յասմիկ Պարանի ձեռամբ: Մեծարեալին յանձնուեցաւ նաեւ Հայաստանէն խումբ մը մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ իր ուսանողներուն կողմէ շնորհաւորական գիրեր՝ երկու անջատ թղթապանակներով: Անոր նաեւ նուիրուեցաւ իր մեծ լուսանկարը՝ ստորագրուած խումբ մը ուսանողներու կողմէ:
Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ մեծարեալը՝ փրոֆ. Յովհաննէսեանը, ապա ներկաները խմեցին մեծարեալին կենացը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.