
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան Երեքշաբթի, Ապրիլ 2ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին պիտի դասախօսէ Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 S. Louise Ave., Glendale, CA), «Հայաստանի շրջանային ու ապահովական քաղաքականութիւնը» նիւթով: Աւարտին տեղի պիտի ունենայ կարծիքներու փոխանակում:
Ձեռնարկին բացումը պիտի կատարէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Հայագիտութեան «Նարեկացի» ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Փիթըր Քաուի, իսկ դեսպանը պիտի ներկայացնէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկի դասախօս փրոֆ. Հրայր Տէօքմէճեան:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ, իսկ համահովանաւորներն են՝ Իրանահայ միութիւնը, Հայ իրաւաբանական միութիւնը, Պոլսահայ միութիւնը եւ «Ապրիլ» գրատունը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: