
Ամերիկահայ Արման Սերեպրաքեան որոշած է իր բժշկական ուսումը մէկ տարիով յետաձգել, որպէսզի Հայաստանը Ողիմպիական խաղերուն ներկայացնելու իր երազը իրականացնել: Ան կը փորձէ Հայաստանը ներկայացնել Սոչիի (Ռուսիա) մէջ 2014ին կայանալիք Ողիմպիական ձմեռնային խաղերուն:
Արման Սերեպրաքեան Քալիֆորնիոյ Ծովածոցի շրջանէն է, փոքր տարիքէն մասնակցած է դահոյկի մրցումներու եւ եղած է Քոլորատոյի համալսարանի դահուկարշաւի մրցումի խմբապետը: Ան ներկայիս ուսումը կը շարունակէ «Թեմփըլ» համալսարանին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի դահոյկի դաշնակցութիւնը նիւթական կարելիութիւնները չունի հովանաւորելու Արմանին ծախսերը (91,550 տոլար), ան համայնքին կը դիմէ՝ գոյացնելու համար հարկաւոր գումարը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար, այցելել
www.armanserebrakian.com կայքը կամ դիմել
aserebrak@gmail.com հասցէին: