ՕՐԵՆՃ, Քալիֆորնիա.- Կազմակերպութեամբ «Չեփմըն» համալսարանին, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին, երեկոյեան ժամը 7էն 8:15ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ ցեղասպանութեանց նուիրուած իւրայատուկ ձեռնարկ մը՝ «Զրոյց՝ Իլայ Ուիզելի ու Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հետ» խորագիրով:
Հրէական Ողջակիզումին ու Հայկական Ցեղասպանութեան այս երկու մասնագէտները պիտի քննեն ցեղասպանագիտութեան առնչուող հարցեր՝ կեդրոնանալով յատկապէս յիշելու պարտաւորութեան, յիշողութեան պահպանման ու բաղդատական ուսումնասիրութեանց դրական ու բացասական կողմերուն վրայ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի «Wallace All Faiths» մատուռին մէջ: Մուտքը ազատ է, սակայն պէտք է նախապէս ապահովել տոմսերը, որոնց համար կարելի է այցելել www.chapman.edu/wiesel-events կայքէջը: Համալսարանին հասցէն է՝ One University Drive, Orange, CA 92866:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.