
ԵՐԵՒԱՆ.- Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականը արդէն իսկ սկսած է նախապատրաստուելու՝ 26 Մարտին Չեխիոյ ընտրանիին դէմ կայանալիք մոնտեալի զտումի 2014ի հանդիպման:
Հաւաքականի կազմին հետ խաղալու հրաւիրուած 20 մարզիկներէն մարզումէն կը բացակայէին Ռոման Պերեզովսքին, Էդգար Մանուչարեանն ու Դաւիթ Մանոյեանը:
Կ՛ակնկալուի, որ Պերեզովսքին եւ Մանուչարեանը Հայաստանի ընտրանիին միանան աւելի ուշ, իսկ Դաւիթ Մանոյեան թեթեւ վնասուածք ստացած է «Փիւնիկ»ի կազմին հետ կատարած վերջին հանդիպման ընթացքին եւ ներկայիս կը բուժուի։ Յառաջիկայ օրերուն կը յստականայ, եթէ ան պիտի կարենայ մաս կազմել հաւաքականին եւ խաղալ Չեխիոյ դէմ։