ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».– «Ազգ»ի լրագրող Յասմիկ Յարութիւնեան կը գրէ, թէ «Ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկ» (The International Institute for Strategic Studies, IISS) բրիտանական կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի աւելի քան 160 երկիրներու ռազմական եւ պաշտպանական ներուժի մասին «Տը միլիթըրի պալանս 2013» տարեկան զեկուցումը: Անոր մէջ բրիտանացի փորձագէտները գնահատած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմական ներուժը:
Փորձագէտները նախ լուսարձակի տակ առած են այն փաստը, որ երկու երկիրներն ալ զգալի նիւթական միջոցներ կը տրամադրեն ռազմական ոլորտին: «Եթէ Հայաստանը տարեկան կը ծախսէ 400 միլիոն տոլար, ապա Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը կը գնահատուին 1 միլիառ 770 միլիոն տոլարով. 2011ին հետ բաղդատելով՝ անոնք աւելցած են 90 միլիոն տոլարով»: Փորձագէտները համեմատած են երկու երկիրներու բանակներուն մարտունակութեան մակարդակը: «Հայաստանի զինուած ուժերը բաւական արհեստավարժ են եւ յստակօրէն կը պատկերացնեն իրենց առջեւ դրուած նպատակներն ու խնդիրները: Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ անշեղօրէն կ՛աճի արհեստավարժ զինուորականներուն թիւը, որոնք կը ծառայեն պայմանագրային հիմունքներով, հակառակ անոր որ ժամկէտային զինակոչը կը պահպանուի: Թէեւ Հայաստանի որդեգրած ռազմական հայեցակարգը ընդհանուր առմամբ ռուսական լուրջ ազդեցութիւն կը կրէ, այնուհանդերձ, արտերկրի մէջ իրականացուող գործողութիւններու, մասնաւորաբար, Աֆղանիստանի մէջ տեղակայուած միջազգային համախոհական կազմին մէջ ծառայութեան շնորհիւ, հայ զինուորները առիթ կ՛ունենան փորձառութիւն շահելու եւ սորվելու ՆԱԹՕի կազմին մէջ եղող իրենց ծառայակիցներէն»:
Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, ապա, փորձագէտներուն գնահատումով, որեւէ կապ չկայ Պաքուի կողմէ ռազմական ծախսերու յաւելման եւ պատերազմի հաւանական վերսկսման միջեւ: Զեկոյցին հեղինակներուն համաձայն, թէեւ ատրպէյճանական բանակը լուրջ գնումներ կը կատարէ, սակայն չի կրնար օդին մէջ առաւելութեան հասնել, ինչ որ կրնայ լուրջ ռիսքեր ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որեւէ գործողութեան պարագային: Նաւթային եկամուտները առիթ տուին Ատրպէյճանին՝ նոր զինատեսակներ գնելու, անոնց կարգին՝ «Սի.-300» տեսակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Հակառակ ասոր, դեռ յստակ չէ, թէ մարտունակութեան առումով ի՞նչ կը շահի Ատրպէյճան այդ գնումները ընելով: Զինուած ուժերու համալրման հիմքը Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակէ մնալ զօրակոչը, ընդհանուր պատրաստուածութեան մակարդակն ալ կը տատանի՝ համաձայն տուեալ զօրամասէն»:
Անդրադառնալով թերութիւններուն՝ բրիտանացի վերլուծաբանները առանձնացուցած են օդանաւային ստորաբաժանումներու թուլութիւնը: «Հայաստանի ռազմաօդային ուժերու գլխաւոր խնդիրը սպասարկման եւ ընդհանուր արդիւնաւէտութեան կ՛առնչուի: Այս է պատճառը, որ Հայաստանի օդային տարածքի պաշտպանութիւնը կը կատարէ Ռուսիան՝ Հայաստանէն վարձուած օդանաւային խարիսխի միջոցով»: Հեղինակները շեշտած են, որ հայկական բանակին մէջ կատարուած բարեփոխումները նպատակ ունին աւելցնելու պայմանագրային ծառայողներուն թիւը:
Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ առկայ իրադրութեան՝ բրիտանացի փորձագէտները նշած են, որ նախորդ տարի 2 անգամ՝ գարնան ու ամրան սկիզբը, իրավիճակը լարուած էր, սակայն ատիկա չէ առաջնորդած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.