
ՓԱՐԻԶ.- Կիրակի, Փետրուար 24ին, Առաւօտեան ժամը 11ին, Էշիրոլի Ազատութեան հրապարակին վրայ պաշտօնապէս տեղի ունեցաւ Միսաք Մանուշեանի եւ գնդակահարուած իր 23 ընկերներու նահատակութեան 69ամեակի ոգեկոչումը, ներկայութեամբ տեղւոյն քաղաքապետ Ռենզօ Սիւլիի, նախորդ քաղաքապետ Ժիլպեր Պիէսիի, քաղաքական դէմքերու, Կրընոպլի ֆրանսահայ նախկին ընդիմադիրներու եւ ռազմիկներու միութեան նախագահ Ժիրայր Արապեանի, անդամներու, հայ եւ ֆրանսացի բազմաթիւ համակիրներու:
Եղանակի աննպաստ պայմաններու՝ ձիւն ու փուքի, մէջ առաջին արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մ. Մանուշեանի անունը կրող յուշաքարին մօտ ծաղկեպսակներու զետեղումով, ապա հանդիսականները համախմբուեցան հրապարակին վրայ գտնուող Մեռեալներու յուշարձանին առջեւ: Միութեան փոխնախագահ Տ. Մարանճեան ներկայացուց Մանուշեանի կեանքն ու քաջագործութիւնը: Երկու ուսանողներ, Նոյեմի Սարապիա եւ Վահէ Մանուկեան կարդացին Լուի Արակոնի «Կարմիր որմնազդը»: Ժան Ֆորեսթիէ եւ Ժագ Սիմոնեան կարդացին գնդակահարուած հերոսներուն անունները. մէկ վայրկեան յարգանքի լռութենէ ետք, հնչեցին հայկական եւ ֆրանսական քայլերգները եւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
Աւարտին, ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ բարեկամական բաժակ բարձրացնելու:
Այս առթիւ, քաղաքապետ Ռ. Սիւլլի նախագահ Ժ. Արապեանին նուիրեց Քաղաքի ոսկէ մետալը՝ առ ի յարգանք ու գնահատանք անոր 60 տարիներու հաւատարիմ ծառայութեան եւ կարդաց մեծարեալի կենսագրականը: Ժ. Արապեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին, Միութեան հին եւ նոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքին: