ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական «Կեզիճի» հետազօտական կեդրոնին կողմէ Թուրքիոյ 46 նահանգներու մէջ ու 9272 անձերու հետ կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուած է, թէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարկանիշը նուազած է:
Տեղական ընտրութեան մասին հարցումներու պարագային, հարցախոյզի մասնակիցներուն 38.6 առ հարիւրը պատրաստակամութիւն յայտնած է զօրակցելու իշխող կուսակցութեան, իսկ 28 առ հարիւրը՝ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան: 18.2 առ հարիւրը արտայայտուած է ի նպաստ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, իսկ 8.1 առ հարիւրը՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան:
Խորհրդարանական ընտրութիւններու պարագային, մասնակիցներուն 43 առ հարիւրը հաւանականութիւն յայտնած է նեցուկ կանգնելու իշխող կուսակցութեան, մինչ նախորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, իշխող կուսակցութիւնը հաւաքած էր ձայներու շուրջ 50 առ հարիւրը: Յատկապէս Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ նուազած է իշխող կուսակցութեան վարկը, մինչ քրտամէտ կուսակցութեան դիրքը զօրացած կը թուի ըլլալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.