ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը պաշտօնապէս ընդունեց, որ Օճալանի հետ կատարուած խօսակցութեանց ատենագրութիւնը մամուլին յանձնուած էր կուսակցութենէն երկու անդամներու կողմէ՝ շեշտելով, թէ կուսակցութեան լիազօր մարմինները պատասխանատուութիւն չունին այս խնդիրին մէջ։ Ինչպէս յայտնի է, ատենագրութիւններուն՝ «Միլլիյէթ» թերթին մէջ հրատարակուիլը մեծ հարց ստեղծեց իշխող եւ քրտամէտ կուսակցութեանց միջեւ։
Քրտամէտ կուսակցութիւնը բացատրեց թէ, հակառակ անոր, որ որոշուած էր այդ ատենագրութիւնը չբազմագրել, երբ ճաշի առիթով ընդհատուած էր կուսակցութեան խմբակին նիստը, երկու անդամներ գաղտնօրէն բազմագրել տուած են ու ապա սեղանին վրայ անխոհեմօրէն մոռցած են զայն:
Երկու անդամները արդէն հրաժարած են կուսակցութենէն:
Կուսակցութիւնը այս անգաղտնապահութեան համար ներողութիւն խնդրեց նաեւ Օճալանէն, ինչպէս նաեւ բոլոր այն անձերէն ու հաստատութիւններէն, որոնց անունները կային ատենագրութեան մէջ։
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պետի տեղակալ Հիւսէյն Չելիք, այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ ըսաւ. «Եթէ կուսակցութեան մը անդամները սխալ գործած են, եթէ կուսակցութիւնը խոստովանած է եւ եթէ երկու պատասխանատուներն ալ հրաժարած են, այլեւս ընելիք չի մնար»։
Պատասխանելով Օճալանի հետ նախատեսուած երրորդ տեսակցութեան մասին հարցումի մը՝ Չելիք ըսաւ, թէ հաւանաբար այս շաբաթավերջին կամ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը երրորդ պատուիրակութիւն մը երթայ Իմրալը, բայց ցարդ նշուած չեն պատուիրակութեան անդամներուն անունները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.