ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Միքայիլ Շփինտլեկըր, սուրիացի ըմբոստներու ձեռամբ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերէն 21 անդամներու առեւանգման լոյսին տակ՝ կոչ ըրաւ երաշխաւորելու Կոլանի բարձունքներուն վրայ հաստատուած խաղաղապահներու ապահովութիւնը՝ ազդարարելով, թէ անոնց հեռացումը աղիտալի պիտի ըլլայ: Ան յայտնած է, որ աւստրիական ուժերը Կոլանի մէջ պիտի մնան, «այնքան ատեն, որ անոնց անձնական ապահովութիւնը երաշախաւորուած է», ու քննադատեց «կարգ մը կողմեր»՝ միջազգային ուժերուն նկատմամբ ցուցաբերուած անյարգալիր վերաբերմունքին համար:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր հերքեց այն լուրերը, թէ սուրիական Պապ Հաուա սահմանային անցակէտին դիմաց գտնուող թրքական անցակէտին վրայ տեղի ունեցած պայթումին հարցով կասկածեալներ ձերբակալուած են Թուրքիոյ սահմանէն դուրս: Ան նշեց, որ «թրքական ապահովական ուժերը, այս առումով, սահմանի սուրիական կողմին մէջ ապահովական գործողութիւն մը կատարած են», սակայն կասկածելիները ձերբակալուած են, երբ սահմանի թրքական կողմը անցած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.