ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 89 անդամներ նամակ մը յղած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին՝ անկէ պահանջելով, որ ետ քաշէ Վիեննայի մէջ իր արտասանած այն խօսքերը, ըստ որոնց՝ սիոնականութիւնը, ֆաշիզմի նման, «մարդկութեան դէմ ոճիր»ի համազօր է։
Իսրայէլի ու սիոնականութեան դէմ Էրտողանի այս խօսքը օրին բուռն հակազդեցութիւններու տեղի տուած էր Իսրայէլի մէջ:
Նամակին հեղինակները դիտել կու տան, որ խիստ վիրաւորական ու սխալ կը գտնեն Էրտողանի սոյն խօսքը, զոր կը նկատեն Թուրքիան կղզիացնելու ու Արեւմուտքէն հեռացնելու Էրտողանի քաղաքականութեան նոր մէկ օրինակը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.