ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի քաղաքացի մը փորձած է Հայաստան ապաստանիլ. այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Haqqin.az» կայքը: Միջադէպը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի, Մարտ 12ին: Ատրպէյճանի Շարուրի շրջանի Ալիշար գիւղի բնակիչ Օրուճ Սալախովը ծեծած է շրջանի կեդրոնական հիւանդանոցի գլխաւոր բժշիկը, ապա վազած է սահմանին մօտ ու յայտարարած, թէ կա՛մ ինքնահրկիզման պիտի դիմէ, կա՛մ Հայաստան պիտի անցնի. սակայն սահմանապահները կրցած են զայն զսպել: Անցեալ տարի, ենթական նոյն հիւանդանոցը պատասխանատու նկատած էր իր երեքամեայ զաւակին մահուան ու փորձած էր անձնասպանութեան դիմել հանրային պատկերասփիւռի շէնքին առաջեւ՝ արտայայտելու համար իր բողոքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.