
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Հայաստանի եւ Արցախի այցելուներուն համար ուղեցոյցներ հրատարակած հեղինակ-լուսանկարիչ Մեթիու Քարանեանի ու լուսանկարիչ Ռապըրթ Քիւրքճեանի նորագոյն հրատարակութիւնը՝ «The Stone Garden Travel Guide: Armenia and Kara-bakh»ը, Հինգշաբթի, Մարտ 14ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին պիտի ներկայացուի «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA, 91423), Մեթիու Քարանեանի կողմէ:
Ձեռնարկը կազմակերպած է «Արփա» հիմնարկիը:
Մեթիու Քարանեան, որ մասնագիտութեամբ իրաւաբան է, եւ Ռապըրթ Քիւրքճեան տասական տարի ապրած են Հայաստան՝ այս հատորներուն համար նիւթերու հարուստ պաշար մը ապահովելով: Երկուքն ալ առաջին անգամ Հայաստան այելցած են 1995ին, իբրեւ դասախօսներ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի, ուր Քարանեան շրջան մը ստանձնած է համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի վարիչի օգնականի պատասխանատուութիւնը՝ իր ուսանողներուն հետ հրատարակելով Հայաստանի իրաւաբանական առաջին պարբերաթերթը: Ան եղած է նաեւ «Էյմ» թերթի խմբագրական կազմի անդամ ու շրջան մը պաշտօնավարած է Վրաստանի մէջ, իբրեւ ամերիկեան «Ճորճթաուն» համալսարանի Միջազգային գաղթականական ուսմանց հիմնարկի մասնագէտ՝ համահեղինակելով Վրաստանի գաղթականական հարցերուն նուիրուած հատոր մը:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝
(818) 453-0618 թիւով կամ
info@ARPAInstitute.org
հասցէով: