ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- Մանուկներու յատուկ գրականութեան հեղինակ Տաքթըր Սուսի եւ անոր գործերուն նուիրուած հետաքրքրական նախաձեռնութիւններ կ՛իրականացուին ամէն տարի, Միացեալ Նահանգներու տարածքին:
Այդ աշխատանքներուն ծիրէն ներս, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 13 շրջանաւարտներ վերադարձած էին իրենց դպրոցը՝ օգնելու համար վարժարանի անձնակազմին, որ Տաքթըր Սուսի գործերու ներկայացումով ընթերցանութեան սէրը սերմանէ աշակերտներուն մէջ:
Այս առիթով կազմակերպուած աշակերտական հաւաքին ընթացքին նախակրթարանի աշակերտներ եւս կարդացին սիրուած հեղինակէն գործեր՝ միաժամանակ խոստանալով ընթերցանութիւնը իրենց կեանքին մէկ մասնիկը դարձնել:
Ուսուցիչ-ուսուցչուհիները եւս պատրաստած էին յատուկ ծրագիրներ՝ նուիրուած Տաքթըր Սուսի գործերուն:
Յատկանշական է նաեւ, որ այդ օրը գիշերանոցներով դպրոց եկած նախակրթարանի աշակերտներէն խնդրուած էր, որ մէկական գիշերանոց իրենց հետ նուէր բերեն՝ յանձնելու համար վարժարանին մօտերը գտնուող ապաստանարանի մը երեխաներուն: Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ, կարելի եղաւ հարիւրաւոր գիշերանոցներ նուիրել ապաստանարանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.