– Հակադարձելով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ իր դէմ որդեգրուած նոր պատժամիջոցներուն՝ Հիւսիսային Քորէան Մարտ 7ին յայտարարեց, թէ այսուհետեւ արդարացի է Միացեալ Նահանգներու վրայ հիւլէական յարձակում մը կատարելը՝ ինքնապաշտպանութեան նպատակով, յատկապէս՝ Մարտ 11էն ետք, երբ Հարաւային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմափորձերու ծաւալը պիտի ընդարձակուի:
– «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտնած է, որ Վենեզուելլայի նախագահ Ուկօ Չաւեզի մահուան կրնան առնչուած ըլլալ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւններ: Ան նշած է, որ Վենեզուելլայի մէջ ընդդիմութիւնը, Ուաշինկթընի աջակցութեամբ, պիտի փորձէ իշխանութեան հասնիլ: Վենեզուելլայի գործող նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ եւս յայտարարած էր, թէ «արտաքին թշնամիները» քաղցկեղ յառաջացուցած էին Չաւեզի մօտ:
– Գանատացիներու մօտաւորապէս 98 տոկոսը կը հաւատայ կենսոլորտի համաշխարհային ջերմացումին, մինչ այդ համեմատութիւնը 70 տոկոս է ամերիկացիներուն մօտ: Հանրապետական ամերիկացիներուն մօտ այդ համեմատութիւնը միայն 48 տոկոս է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.