ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կոլանի սահմանակից շրջանի մը մէջ մէկ օր առաջ ՄԱԿի 21 խաղաղապահներ առեւանգած սուրիական ընդդիմութեան զինեալները Հինգշաբթի, Մարտ 7ին յայտարարեցին, թէ խաղաղապահները ազատ պիտի արձակուին միայն, երբ սուրիական բանակը հեռանայ շրջանէն, մինչ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց առեւանգումը եւ պահանջեց, որ խաղաղապահները անմիջապէս ազատ արձակուին:
Լիբանանեան «Նահարնեթ» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Մարտ 7ին հանդիպում մը ունեցած է Դամասկոս այցելող Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ, գլխաւորութեամբ Հասան Աքկիւլի, դրուատելով ընդդիմութեան որդեգրած դիրքը Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ:
Աքկիւլ շեշտած է, թէ իր կուսակցութիւնը եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ ժողովուրդը չեն փափաքիր միջամուխ ըլլալ Սուրիոյ ներքին հարցերուն, իսկ Ասատ յայտնած է, թէ վարչապետ Էրտողանի կառավարութիւնը «վճռած է ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականներուն աջակցիլ եւ տարածաշրջանի կայունութիւնը քայքայել»:
Նոյն օրը, Սուրիոյ իշխանութիւնները կոչ ըրին ՄԱԿին, որ դատապարտէ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Սուրիոյ տագնապին մէջ՝ շեշտելով, թէ Անգարա զօրակցութիւն կը տրամադրէ «Քայիտա»ի հետ սերտ կապեր ունեցող խմբակներու:
Ինչպէս հաղորդած էինք, արաբ արտաքին գործոց նախարարները Մարտ 6ին, Գահիրէի մէջ ժողով մը գումարեցին: Ժողովի աւարտէն առաջ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ ժողովի ընթացքին որոշուած է Սուրիոյ աթոռը սուրիական ընդդիմութեան յանձնել, սակայն ժողովի աւարտին, լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Քամել Ամրօ հերքեցին այդ լուրը եւ նշեցին, թէ ժողովը յայտնած է, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը Սուրիոյ աթոռին պիտի տիրանայ, երբ գործադիր մարմին մը կազմէ:
Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Ազգային համաձայնական մարմինը յառաջիկայ Երեքշաբթի օր Պոլսոյ մէջ ժողով մը պիտի գումարէ՝ փոխանցման կառավարութեան վարչապետ մը ընտրելու համար:
Միւս կողմէ, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղած է Արաբական լիկային՝ Սուրիոյ անդամակցութիւնը վերականգնելու: Ան լիկան պատասխանատու նկատած է սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանքներու ձախողութեան մէջ՝ յայտնելով. «Սուրիան փրկելու համար, անոր հետ կապ հաստատելն ու զայն դարձեալ ներգրաւելը քաղաքական լուծման համար կարեւոր են: Եթէ Սուրիոյ դիմագրաւած պատերազմին բոցը, ինչպէս նաեւ ամէն տեղ հարուածող եւ ուրիշները անհաւատ նկատող շարժումները չմարենք եւ անոնց վերջ չտանք, այդ բոցը վաղը մեր բոլորիս տուները պիտի տարածուի»:
Նաեւ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց՝ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու եւ նշեց, որ Բրիտանիան Սուրիոյ ենթակառոյցներու նորոգման պիտի օժանդակէ, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբակցութիւնները քաջալերելու ամերիկեան ծրագիրներով:
Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմութենէն քիւրտ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնեց, որ քրտական պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ շաբաթ Մոսկուա պիտի այցելէ՝ ընդառաջելով ռուսական ղեկավարութեան հրաւէրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.