ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչուսը: Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն, ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է Լիթուանիոյ հետ աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ ընդգծած է, որ ատիկա առնչուած է կարգ մը հանգամանքներու. Լիթուանիա առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցած է Հայաստանի անկախութիւնը եւ անոր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած 1991 թուականին, Հայաստանի առաջին միջպետական համաձայնագիրը ստորագրուած է Լիթուանիոյ հետ:
Էդուարդ Նալբանդեան աւելցուցած է, որ բարձր մակարդակով յաճախակի փոխայցելութիւնները մեծապէս կը նպաստեն տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան խթանման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Երեւան այցելելու հրաւէրին համար՝ Լինաս Լինքեւիչուսը գոհունակութիւն յայտնած է երկու երկիրներուն միջեւ վերջին տարիներուն աշխուժացած համագործակցութեան առիթով եւ ընդգծած լիթուանական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ զանոնք առաւել ամրապնդելու եւ ընդլայնելու:
Նախարարները բովանդակալից զրոյց ունեցած են հայ–լիթուանական երկկողմանի յարաբերութիւններու բազմաթիւ հարցերու վերաբերեալ: Կարեւոր նկատուած է 2011ին Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայտէի Հայաստան տուած այցելութիւնը, քննարկուած է նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնագիրներու գործնականացման ընթացքը:
Անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու պարբերական հանդիպումներու շարունակականութեան ապահովման անհրաժեշտութեան, միջխորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման:
Նախարարները անդրադարձած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ փոխգործակցութեան ամրապնդման, առեւտրատնտեսական եւ պաշտպանական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան, ձեւաւորուած իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, գիտակրթական եւ մշակութային կապերու աշխուժացման։
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էին ՀայաստանԵւրոպական միութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող քննարկումները: Արձանագրուած է, որ Հայաստանը այս տարիներուն լուրջ յառաջընթաց արձանագրած է Եւրոպայի հետ մերձեցման գործընթացին մէջ: Քննարկուած են 2013ի աւարտին Վիլնիւսի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:
Զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են շարք մը տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները, հիմնախնդիրի հանգուցալուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.