
Գրիգոր Գարակէօզեան նշանակուած է ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ երկու տարուան ժամկէտով: Ան ՀԲԸՄի երկարամեայ անդամներէն է եւ հայկական տարբեր համայնքներու մէջ ղեկավար պաշտօններ ստանձնած է:
Մասնաւորապէս կարեւոր եղած է անոր դերակատարութիւնը Պէյրութի եւ Քալիֆորնիոյ մէջ ՀԲԸՄի սկաուտական շարժման կազմաւորման մէջ: Ան նաեւ ստանձնած է «ՀԲԸՄի Ասպետներ»ու փոխնախագահի պաշտօնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան միւս անդամներն են՝ Թոմ Ալեքսանեան (փոխատենապետ), Աւետիս Մարգարեան (գանձապահ), Ալին Եթերեան (ատենադպիր), Ճուլիա Ակիշեան, Ադամ Ակինեան, Հերի Պալեան, Պենիամին Չերչեան, Սիլվա Նազարէթեան եւ Գրիգոր Սիմոնեան:
HI Koko, congratulations, wishing you all the sucess. Harout & Sonia Kantzabedian 323 665-2320