ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 1ին, գրասէր ընտրանի մը ժամադրուած էր Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ռեմոն եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ, ներկայ գտնուելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած՝ Մարզպետ Մարկոսեանի հեղինակած եւ նիւ-եորքցիներու կեանքին առնչուող «Քաղաքներու Կախարդանքը» գիրքի Բ. հատորի գինեձօնին:
Օրուան յայտագիրին ընթացք տուաւ գաղութէս ներս երկարամեայ հասարակական գործիչ եւ կազմակերպիչ մասնաճիւղի փոխատենապետ Բարսեղ Գարթալեան, որ հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք օրուան յայտագիրին նպատակն ու բնոյթը՝ պատշաճ կերպով ողջունեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ հայ Անտոն Նորատունկեանի ներկայութիւնը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, վաստակաւոր կրթական մշակ եւ օրուան մեծարեալի երբեմնի պաշտօնակից Կարօ Պետրոսեանը: Կարօ Պետրոսեան անդրադարձաւ հեղիանկին հետ ունեցած իր սրտակցութեան, դրուատեց Մարկոսեանի կատարած աշխատասիրութիւնը՝ եռամաս դիտարկումներով տեղ գտած երկրորդ հատորին մէջ, որուն կիզակէտը Նիւ Եորքի հայ համայնքի բազմաբնոյթ հարցերն են: Դասախօսը շեշտեց Նիւ Եորքի բնակիչներուն կենցաղային դժուարութիւնները, յիշեց հայ համայնքի ներքին հարցերուն բարդութիւնները, ինչպէս նաեւ մահացող հայ գրողներէն մնացած յուշերն ու անվերադարձ մեկնող ընկերներուն ուղղուած՝ սակայն յաճախ չարտասանուած խօսքերը: Պետրոսեանի որակաւոր մեկնաբանութիւնը տպաւորիչ ազդեցութիւն մը ունեցաւ:
Գեղարուեստական յայտագիրով, մենակատար երգիչ Մայքըլ Արապեան, ընկերակից ունենալով դաշնակահար Մարօ Գայայեանը, երկու երգերով գեղեցիկ ելոյթ մը ունեցաւ: Ապա, վարչական անդամ Լիլիթ Քէհէեան հաղորդական ոճով ընթերցում մը կատարեց ներկայացուող գիրքէն:
Յայտագիրին երկրորդ խօսք առնողն էր գրական մեկնաբան, «Ասպարէզ»ի օրաթերթի վաստակաւոր աշխատակից եւ Ազգային առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Սարգիս Մահսէրէճեան: Ան բծախնդրօրէն ներկայացուց հատորին բերած կարեւոր ներդրումը՝ Նիւ Եորքի գաղութի հասարակական կեանքի վերլուծման գործին մէջ: Դասախօսը ընդհանրապէս արժեւորեց Մարկոսեան հրապարակագիրը ու անոր գիտական մօտեցումը՝ մեր կեանքի պարզաբանումին: Ան անդրադարձաւ նաեւ հեղինակի յաջորդ հատորի բնոյթին՝ լոս-անճելըսահայութեան կեանքին առնչուող:
Շնորհակալութեան ազնիւ եւ անկեղծ խօսքերով հանդէս եկաւ հեղիանկը՝ Մարզպետ Մարկոսեանը, որուն խօսքերը ուղղուած էին թէ՛ ելոյթ ունեցողներուն եւ թէ ձեռնարկը կազմակերպողներուն:
Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Սէմէրճեան գինեձօնի աւանդական բացատրութենէն ետք հրաւիրեց յայտագիրին մասնակիցները՝ գինիով օծելու Մարկոսեանի գիրքէն հատոր մը:
Մարզպետ Մարկոսեանի վերջին գիրքին սոյն ներկայացումը անգամ մը եւս հարստացուց համայնքային մշակութային գործունէութիւնը՝ մանաւանդ Թէքէեան Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ:
«Նոր Օր»