
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ԳՀԴՅ) Փետրուար 21էն ի վեր ձեռնարկած է «Ատրպէյճան՝ ամօթի 30 օրեր» խորագիրով քարոզարշաւի մը, որուն նպատակն է գանատացիները տեղեակ դարձնել Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու բացայայտ եւ շարունակուող ոտնահարման: Երեսուն օրերու ընթացքին եւ օրական դրութեամբ ԳՀԴՅն պիտի հրապարակէ Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտման ու անարգումին վերաբերեալ յօդուածներ, տեղեկագիրներ եւ «վիտէօ»ներ, որոնք կը բացայայտեն այս խախտումները ծածկելու համար Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն տարած զանազան մարտավարութիւնները, որոնք կ՛իրականացուին քարոզչութեան, ապատեղեկատուութեան կամ սադրանքի ու սպառնալիքի այլեւայլ միջոցներով:
«Թէեւ այս անցուդարձերը հազիւ կը հասնին գանատացիներու ուշադրութեան, սակայն իրողութիւն է, թէ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու բնագաւառին պարզած խեղճուկրակ պատկերը կը յատկանշուի քաղաքական ընդդիմութեան վրայ իրագործուած պետական մակարդակի ճնշումներով, կամայական բանտարկումի ու չարչարանքի բազմաթիւ պարագաներով, լրատուամիջոցներու գրաքննութեամբ, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու դէմ ատելութիւն սերմանող հրահրումներով եւ քարոզարշաւներով», կը յայտարարէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Ժիրայր Պասմաճեան:
«Իրօք, 23 Յունուար 2013ին Եւրոպայի Խորհրդարանական Հաւաքը (PACE) այս ուղղութեամբ որդեգրեց բանաձեւ, ուր ան կը յայտնէր իր «աճող մտահոգութիւնը Ատրպէյճանի մէջ օրէնքի ու մարդկային իրաւանց յարգանքի վերաբերեալ, կ՛ըսէ դոկտ. Ժ. Պասմաճեան:
«Ատրպէյճան՝ ամօթի 30 օրեր» քարոզարշաւի թողարկումները կրնաք գտնել ՀԴՅի կայքէջին (http://anccanada.org/thirty-days-of-shame), Facebook-ի էջին (www.facebook.com/ArmenianNationalCommitteeofCanada), ինչպէս նաեւ ANCC-ի Twitter-ի էջին (www.twitter.com/ancc_cnac) վրայ:
Օրական թողարկումները նիւթ պիտի դարձնեն, այլ նիւթերու կողքին, Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական ազատութեան հարցը, խօսքի ու արտայայտութեան ազատութեան խնդիրը, նախագահ Ալիեւի վարչակարգին մէջ շարունակուող փտախտը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի քարոզչական մեքենան: