
ԹԱՒՐԻԶ.- Մեծ Պահքի ճիշդ կիսուն՝ Միջինքի օրը, Չորեքշաբթի 6 Մարտի առաւօտուն, Ազգային առաջնորդարանի ընտանիքը՝ պաշտօնէութիւնը, Միջինքի աւանդական հաւաք մը կատարեց առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ գլխաւորութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի, եւ ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեանի:
Հաւասար մասերու կտրուեցաւ Միջինքի աւանդական «գաթա»ն, որուն մէջ կը գտնուէր տարուան բախտաւորին համար դրուած բախտը: Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը իբրեւ մէկ ընտանիք, համախմբուած եկեղեցական ու ազգային վարչական կեդրոնի յարկին տակ, միասնաբար նշեց պահեցողութեան հոգեւոր ուղեւորութեան կէս ճանապարհը:
Հաւաքը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորելու եկեղեցական ազգային աւանդութիւնը, որ հայու ինքնութեան ու քրիստոնէական դիմագծի պահպանման զօրեղ ազդակ է, յատկապէս փոքրաթիւ համայնքներու կեանքէն ներս: