
ՀՀ ԼՂՀ ԱԺ լրատուական ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ Մարտ 4ին սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի Յունաստանի Հանրապետութիւն աշխատանքային այցը, զոր կազմակերպած են Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Աթէնքի «Պանտիօ» համալսարանը:
Նախօրէին Արցախի խորհրդարանի նախագահը հանդիպում ունեցած էր Աթէնքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» ակումբի վերաբացման առիթով:
Այցի ծիրէն ներս՝ Մարտ 4ին եւ 5ին, ԼՂՀ ԱԺ նախագահը հանդիպումներ ու զրոյցներ ունեցած է Յունաստանի քաղաքական շրջանակներու շարք մը պատասխանատուներու՝ միախառն կառավարութեան անդամներ «Դեմոկրատիկի Արիսթերա» կուսակցութեան նախագահ Ֆոթիս Գուվելիսի, «Նոր Հանրապետութիւն» կուսակցութեան քարտուղար Մանոլիս Կեֆալոյաննիսի եւ փոխքարտուղար Զոնդանոսի, Յունաստանի խորհրդարանին մէջ՝ «Անկախ Յոյներ« կուսակցութեան նախագահ Ֆանոս Գամենոսի եւ մամլոյ խօսնակ Թերենս Կուիքի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին արծարծուած են ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացի իրողութիւններն ու ներկայ զարգացումները, այդ առնչութեամբ ԼՂՀ իշխանութիւններու դիրքորոշումը, Արցախի տնտեսական, հասարակական, կրթամշակութային եւ այլ բնագաւառներու եւ ոլորտներու մէջ առկայ խնդիրները եւ հիմնախնդիրները, անոնց լուծման միջոցներն ու ձեւերը, այդ ծիրէն ներս հնարաւոր համագործակցութեան ուղիները:
Մարտ 4ին՝ օրուան առաջին կիսուն, Արցախի խորհրդարանի նախագահը այցելած է յունահայոց թեմի ազգային առաջնորդարան՝ հանդիպում ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպիսկոպոս Տողրամաճեանի եւ թեմական խորհուրդի անդամներու հետ:
Նոյն օրուան երկրորդ կիսուն Ա. Ղուլեան այցելած է Յունաստանի Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցած արտակարգ ու լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաճեանի, դեսպանատան աշխատողներու հետ:
Մարտ 5ի առաւօտեան ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահը այցելած է Աթէնքի Զաւարեան եւ Սոֆի եւ Լեւոն Յակոբեան ամէնօրեայ վարժարանները: