«Վրաստանի հայ համայնք»ի մամլոյ ծառայութենէն կը փոխանցէն, թէ «Վրաստանի հայ համայնք» հասարակական կազմակերպութեան վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպած են Վրաստանի մէջ իշխող «Վրացական երազանք»-«Դեմոկրատական Վրաստան» միախառն կառավարութեան քաղաքական քարտուղար Սոզար Սուպարիի հետ:
Մարտ 4ին կայացած հանդիպումը նպատակ ունեցած է նոր կառավարութեան ներկայացուցիչներուն ներկայացնելու վիրահայութեան խնդիրներուն մասին վրացական հայ համայնքի ունեցած տեսակէտը, առաջարկելու առկայ խնդիրներու լուծման ուղիները, եղանակները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկիրի կառավարման գործընթացին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու մասնակցութեան թեման, միջնակարգ եւ բարձրագոյն կրթական համակարգին մէջ առկայ խնդիրները, ինչպէս նաեւ Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի տեղադրման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնապէս ճանաչման հնարաւորութեան վերաբերուող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.