ԵՐԵՒԱՆ.– «Նովոստի» մամլոյ ակումբին մէջ 1 Մարտին տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի եւ տեղեկատուութեան կենտրոն»ին եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան հիմնարկին միջեւ համագործակցութեամբ հրատարակուած Հայաստանի ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արտակ Մաղալեանի «Արցախի մելիքութիւնները եւ մելիքական տները 17-19 դդ.» գիրքի շնորհահանդէսը:
Ան դիտել տուած է, որ «Հանրային կապերի եւ տեղեկատուութեան կենտրոն»ը հանրային իրազեկման իմաստով արդէն մնայուն կերպով կը տանի աշխոյժ գործունէութիւն, որուն արդիւնքներէն է այս գիրքի հրատարակութիւնը՝ ռուսերէն լեզուով։
Ղեւոնդեան նաեւ նշած է, որ համագործակցութեան նպատակակէտը յստակ է՝ Արցախի հիմնահարցի վերաբերեալ առարկայական պատմական տեղեկատուութեան ներկայացում ու հանրային իրազեկում:
«Օտարալեզու լսարանին միշտ չէ, որ հասանելի է օբյեկտիւ տեղեկատուութիւն, հետեւաբար՝ խնդիր դրուեց օտարալեզու հարթակներում յստակ գիտական աշխատութեամբ ներկայացնել պատշաճ տեղեկատուութիւն: Գիրքն ամենատարբեր օղակներով տարածուելու է ինչպէս ԱՊՀ երկրներում, այնպէս էլ այլ հարթակներում, եւրոպական համալսարաններում, հետազօտական կենտրոններում եւ այլն», նշած է Ա. Ղեւոնդեան:
Գիրքին հեղինակը՝ Արտակ Մաղալեան ներկայացուցած է գիրքին բովանդակութիւնն ու կիրառական նշանակութիւնը:
«Գաղտնիք չէ, որ հայոց պատմութիւնը լայն կեղծարարութեան թիրախ է մեր հարեւան երկրի պատմաշինարարների կողմից: Չկայ հայոց պատմութեան մի շրջան, որ հետեւողականորն չկեղծուի ադրբեջանցի պատմաշինարարների կողմից: Նրանց կողմից կեղծարարութեան հիմնական թիրախը Արցախի պատմութիւնն է՝ իր ներկայով եւ անցեալով, Արցախում հայկական պետական կազմաւորումների՝ Խամսայի մելիքութիւնների պատմութիւնը: Մեր խնդիրն է պարզապէս օբյեկտիւ փաստերով իրականութիւնը ներկայացնել», յայտնած է Ա. Մաղալեան:
Պատմաբանը ընդգծած է, որ աշխատութեան մէջ լայնօրէն օգտագործուած են արխիւային նիւթեր, ժամանակակիցներու ձեռագրական սկզբնաղբիւրներ, հայ, իսլամ, պարսիկ, ռուս, վրացի հեղինակներու պատմագրական աշխատութիւններ, որոնք օտար ընթերցողին մատչելի լեզուով ցոյց պիտի տան Արցախի մելիքութիւններուն պատմութիւնը եւ անոնց ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը հայոց պատմութեան մէջ:
Աշխատութեան յաւելուածին մէջ զետեղուած է 50 փաստաթուղթեր, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուի եւ կը ներկայացնէ Արցախի մելիքութիւններու պատմութեան վերաբերող հարցեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.