
ԵՐԵՒԱՆ.– Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կնոջ՝ Արմէնուհի Յովհաննէսեանի գլխաւորած «Օրրան» բարեսիրական կազմակերպութեան Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը՝ զարգացման հարցերով տնօրէն Քրիստի Խաչիկեանը, բաց նամակով դիմած է ամերիկահայ պատկերասփիւռի աստղ Քիմ Քարտաշեանին։ Այս մասին գրած է ամերիկեան «Հաֆֆինկթըն փոսթ»ը։
Նամակին մէջ Խաչիկեան նշած է, որ Քիմի մեծաթիւ երկրպագուներ վստահաբար «Կուկըլ»ի մէջ կը փնտռեն անոր մականունին ծագումը՝ ի տարբերութիւն իրեն: «Քեզ պէս ես էլ հայ հօր դուստր եմ», գրած է Խաչիկեան՝ աւելցնելով, որ ինք մէկն է այն միլիոնաւոր հայերէն, «որոնք բնակւում են ԱՄՆում՝ անվերջ, ամէնօրեայ հնարաւորութիւններով»:
Նամակին մէջ Քիմին փոխանցուած է, որ հայաստանցիները «ստեղծարար են ու նախաձեռնող, սակայն նախկին ԽՍՀՄի ստուերում են՝ մշտապէս պայքարում են չքաւորութեան եւ հալածանքների դէմ»:
Խաչիկեան դիտել տուած է, որ «այսօրուայ Հայաստանի ողբերգութիւններից մէկն այն է, որ խեղճ ծնողները երեխաներին ստիպում են փողոց դուրս գալ՝ փող մուրալու՝ որպէս իրենց ընտանիքի միակ եկամտի աղբիւր»։ Նամակին մէջ գրուած է, որ Հայաստանի մէջ չքաւորութիւնը կրկնապատկուած է, եւ 14 հազար հայաստանցի երեխայ դպրոց չի յաճախեր, քանի որ անոնց ընտանիքները չեն կրնար ատիկա ընել: Խաչիկեան կը պատմէ, որ գոյատեւելու համար այլ երեխաներ Հայաստանի մէջ սնունդ կը փնտռեն աղբին մէջ:
«Այս երեխաները Հայաստանի ապագան են, եւ Քարդաշեանների իրապատում շոուն կարող է օգնել փրկել նրանց», գրած է Խաչիկեանը՝ յիշեցնելով Քիմին անոր իսկ վերջին «թուիթ»ներէն մէկը (որուն մէջ ան Հայաստան այցելելու փափաք կը յայտնէ): Խաչիկեան նշած է, որ ինքն ալ մօտաւորապէս Քիմին տարիքն է, երբ իր առաջին երեխայով յղացաւ, առաջին անգամ Հայաստան այցելեց եւ ծանօթացաւ «Օրրան»ին:
«Հաֆֆինկթըն փոսթ» գրած է, որ «Օրրան»ը հայաստանցի մուրացկան երեխաներուն օգնող կազմակերպութիւն է եւ յիշած է անոր հասցէն՝ Orran.am: Մանրամասն կերպով պատմելով «Օրրան»ի բարեսիրական գործունէութեան մասին՝ Խաչիկեան դիտել տուած է, որ անիկա «փոխել է հազարաւոր երիտասարդ կեանքեր»: Առաջարկած է, որ «այս գարուն «Քորթնին եւ Քիմը միանում են՝ «Օրրան»ին ուղեւորութիւնն աւելի շատ կեանքեր կը փոխի»:
«Օրրան»ի ներկայացուցիչը գրած է, որ եթէ Քիմը հետաքրքրուի այցելութեան առաջարկով, ապա իրենք կը ծրագրեն ամէն ինչ: Քարդաշեանին կ՛առաջարկուի մասնաւորապէս այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ Էջմիածին՝ «աշխարհի ամենահին պետականօրէն կառուցուած եկեղեցին»: Նամակին աւարտին Քիմ Քարտաշեանին կը յիշեցնեն, որ հայ երեխաներն ալ «անվերջ հնարաւորութիւնների են արժանի», քանի որ անոնք ալ նման են Քիմին եւ Խաչիկեանին: Կը բացատրուի նաեւ, թէ ինչ կը նշանակէ «օրրան» (haven՝ նաւահանգիստ, հանգրուան), կ՛առաջարկուի՝ իբրեւ իր ընտանիք կազմելու ճամբուն վրայ եղող յղի աստղը «հանգրուան առնի»:
«Հաֆֆինկթըն փոսթ» եւս հարց կու տայ, որ արդեօք Քիմն ուՔորթնին պիտի հանգրուանե՞ն: