
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «2013ի ընթացքում ունենք թիրախաւորուած գործընթացներ, այդ շարքում առաջինը հայկական գորգերն են», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակից Գայիանէ Դանիէլեանին հետ ունեցած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը:
«Իրականում մենք մինչեւ այսօր չունէինք լուրջ գործընթացներ կապուած հայկական գորգերի հանրահռչակմանը: Մենք չունէինք կայք, մենք չունէինք մշտական լայնածաւալ ցուցադրութիւն: Մենք չէինք կազմակերպել վերջին տարիներին գիտաժողով, որտեղ կը խօսէինք հայկական գորգերի մասին: Եւ որպէս մեր ազգային կիրառական ինքնութեան կարեւորագոյն տարրերից մէկը՝ մենք վերցրեցինք գորգերը եւ այս տարի ամէն ինչը ուղղելու ենք դրան»:
Որպէս ապացոյց նախարարը յիշատակած է տարեսկիզբին բացուած մնայուն ցուցադրութիւնը:
Գորգագործութեան ծիրին մէջ մշակոյթի նախարարութիւնը աշխոյժ կերպով կը համագործակցի Լեռնային Ղարաբաղի հետ՝ ներկայացնելու նշանաւոր արցախեան գորգերը. պիտի կազմակերպուին գիտաժողովներ, պիտի հրատարակուին գիրքեր:
Յասմիկ Պօղոսեան ընդգծած է, որ կարեւոր է հայ ազգային, մշակութային արժէքները համաշխարհային հանրութեան ներկայացնելն ու որպէս ազգային արժէք ամրագրելը, ինչպէս եղաւ տուտուկի, խաչքարի պարագային, որոնք ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ ճանչցուեցան ու հաստատուեցան իբրեւ հայկական ազգային մշակութային արժէքներ:
Նախարարը նշած է, որ աշխատանքներ կը տարուին հայկական դիւցազներգութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕի միջոցով հանրահռչակելու համար:
Ձեռնարկներ կան նաեւ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110ամեայ յոբելեանին նուիրուած: