
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի խորհրդարանի մեծամասնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժերու պատկանող երեսփոխաններ, ներառեալ՝ Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Երեքշաբթի, Մարտ 5ին հանդիպում մը ունեցան՝ խստօրէն դատապարտելով նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ ընտրական յանձնախումբերը կազմելու մասին շրջաբերականին ստորագրութիւնը՝ զայն նկատելով իր մահկանացուն կնքած 1960ի ընտրական օրէնքը վերակենդանացնելու փորձ մը: Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ, թէ գործադիր իշխանութիւնը օրինազանցութիւն մը կը կատարէ իր այդ քայլով, որովհետեւ կը շրջանցէ ազգային եւ յատկապէս քրիստոնէական կամքը, որ կտրուկ կերպով կը մերժէ 1960ի օրէնքը:
Երեսփոխան Բագրատունի նոյն օրը հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ՝ քննելով ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ երկիրը այս հանգրուանին հասած է, հակառակ անոր, որ «ճիգ չխնայեցինք համախոհութեան յանգելու»: «Այսօր հասած ենք այնպիսի թուականի մը, որուն ընթացքին նախագահն ու վարչապետը կրնան ստիպուած զգալ ընտրական յանձնախումբերու կազմութեան հրաւէրը ստորագրելու: Տեղ մը թերեւս կը հասկնանք, որ անիկա օրինական կամքէ բխած է, սակայն անոր փոխարէն՝ կրնանք նաեւ հաստատել, որ անոր զուգահեռ կայ համախոհութիւնը եւ լիբանանցիներուն կամքը, որոնք եւս օրէնքներ եւ սահմանադրութիւն կը հաստատեն», շեշտեց Յ. Բագրատունի՝ աւելցնելով. «Անհրաժեշտ կը նկատենք շարունակել խորհրդարանական ընթացքը եւ անկեղծօրէն կրնանք հաստատել, որ ներկայ օրէնքը արդիւնք էր որոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին տիրած պայմաններու, եւ մենք արդէն շրջանցած ենք այդ պայմանները: Մենք փորձեցինք այդ ընտրական օրէնքը եւ փաստեցինք, որ անիկա կը սրէ եւ կը խորացնէ միջլիբանանեան երկփեղկումը՝ առանց ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու: Այսօր Ս. Զատկուան տօնին սեմին կը գտնուինք եւ պէտք է հաւատանք, որ 1960ի ընտրական օրէնքը պիտի չյառնի: Մենք տակաւին առիթ ունինք համախոհութիւն գոյացնելու եւ իբրեւ այդպիսին՝ պէտք է ստանձնենք մեր պատասխանատուութիւնները՝ սկսեալ երեսփոխաններէն, հասնելով մինչեւ վարչապետն ու նախագահը, որպէսզի կարենանք յանգիլ ընտրական օրէնքի մը, որ կ՛արտօնէ բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն ճշգրիտ եւ արդար ներկայացուցչութեան արժանանալ՝ պահպանելով լիբանանցի քաղաքացիին արժանապատուութիւնը»:
Պըրրի եւս քննադատած է ընտրութիւնները Յունիս 9ին կատարելու նպատակով նախագահին ու վարչապետին առած քայլը:
Յիշեցնենք, թէ Երեքշաբթի օր կառավարութիւնը գումարեց իր ընթացիկ նիստը՝ նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Միքաթիի: Ընտրական յանձնախումբերը կազմելու հրաւէր-շրջաբերականի ստորագրութեան քայլը փոթորկոտ դարձուց նիստը: Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ այդ քայլը 1960ի ընտրական օրէնքը վերակենդանացնելու փորձ մըն է՝ յիշեցնելով, թէ Տոհայի համաձայնութիւնը շեշտած էր, որ այդ օրէնքին հիման վրայ միայն մէկ անգամ եւս երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի կատարուին:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ եթէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն կարելի չըլլայ գոյացնել, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի չկատարուին, իսկ նախարար Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ներկայ խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգել կամ նոր խորհրդարան մը նշանակել:
Նաեւ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն զարմանք յայտնեց նախագահի եւ վարչապետի որոշումին առթիւ՝ յիշեցնելով, թէ անոնք էին, որոնք լիբանանեան քաղաքական կողմերը քաջալերած էին ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու եւ որոնք մերժած էին 1960ի ընտրական օրէնքը, բայց եւ այնպէս, անոնք այդ օրէնքին հիման վրայ է, որ ընտրական յանձնախումբերու կազմութեան հրաւէրը ստորագրած են:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց «Ուղղափառ հանդիպում»ին մշակած ընտրական օրինագիծին թեր քուէարկելու՝ այդ օրինագիծը խորհրդարանի լիագումար նիստին փոխանցուելէ ետք: