
ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Ռուսական ձայնասփիւռի կայանի մը հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան վստահեցուցած է, թէ Ստեփանակերտի օդակայանը պիտի սկսի գործելու՝ ապահովելով Արցախի բնակչութեան մարդկային հիմնարար իրաւունքներէն մէկը՝ տեղաշարժելու ազատութեան իրաւունքը:
«Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան այդ որոշումը բացառապէս մարդասիրական է եւ նպատակ ունի ապահովել սեփական ժողովուրդի բնականոն կենսագործունէութիւնն ու իրաւունքները: Մենք բազմիցս յայտարարած ենք այդ մասին: Այդ մասին ես առիթ ունեցած եմ ըսելու նաեւ ՄԱԿին մէջ տարածուած նամակով մը, ուր մանրամասն շարադրուած է, թէ որո՛նք են օդակայանի բացման պատճառներն ու նպատակները: Մնացած ամէն ինչ, ներառեալ նաեւ սանձազերծ քարոզարշաւը, այդ ուղղակի երեւակայածին մտայնութիւնները, զորս կը տարածէ ատրպէյճանական կողմը, այդ ամէնը կարելի է բնութագրել մէկ բառով՝ սուտ: Չուերթներու (թռիչքներու) սկսման յստակ ամսաթիւ ես չեմ նշեր: Առաջին հերթին՝ տարիներով չէ, որ բացումը կը յետաձգուի: Ստեփանակերտի օդակայանի վերաբացման հարցը՝ վերաբացման եւ ոչ թէ բացման, եզրափակիչ փուլ մտաւ անցեալ տարուան Փետրուարին: Մեր նպատակն է, որքա՛ն հնարաւոր է, որ բոլոր թեխնածին (գործնական) վտանգները բացառուին: Մեր օդակայանը պէտք է առաւելագոյն անվտանգութիւն ապահովէ ուղեւորներուն եւ հաշուի առնէ այն բարդ լեռնային իրավիճակը, զոր ունինք օդակայանին մէջ: Անմիջապէս, երբ բոլոր պայմանները ապահովուին, օդակայանի բնականոն գործունէութիւնը պիտի վերականգնի», ըսած է Կարէն Միրզոյեան:
Յատկանշական է, որ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակցութիւնը Մարտ 4ին տարածած «լուր»ով մը այս յայտարարութիւնը նկատած է «օդակայանը օգտագործելու նպատակէն հրաժարելու նպատակով կատարուած յայտարարութիւն մը»՝ Կարէն Միրզոյեանը որակելով «անջատողական վարչակարգի արտաքին գործոց նախարարը»: