ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ. այս մասին Չորեքշաբթի, Մարտ 6ին յայտարարեց Պաքու այցելող Աւստրիա-Ատրպէյճան բարեկամութեան խմբակի համանախագահ Քարլ Օլինկեր, որ մէկ օր առաջ հանդիպում մը ունեցած էր արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմը կրնայ վերսկսիլ որեւէ ատեն: Պէտք է հեռու մնալ հակամարտութեան ուժային լուծումէն», աւելցուց Օլինկեր, ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից Ճաւիտ Ղուրպանովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Իր կարգին, Ղուրպանով նշեց. «Պաքուն պատրաստ է Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքները ազատագրելու, սակայն Իլհամ Ալիեւ համաձայն է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Մենք պատրաստ ենք խաղաղ ապրելու մեր բոլոր դրացիներուն հետ, բայց ոեւէ մէկուն մէկ թիզ հող չենք զիջիր: Եթէ բանակցութիւնները արդիւնք չտան եւ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը տարածքները ազատագրելու հրաման տայ, ապա մենք պատրաստ ենք: Մենք ոչ մէկէն կը վախնանք»:
Պատգամաւորը ըսաւ, որ հայերը արդէն ստեղծած են իրենց պետութիւնը՝ Հայաստանը, եւ Պաքուն պիտի չարտօնէ, որ «ատրպէյճանական հողերու վրայ հայկական երկրորդ պետութիւն մը ստեղծուի», միաժամանակ պնդելով, թէ փոքրամասնութիւնները, «ներառեալ՝ հայերը, հանգիստ կեանք ունին Ատրպէյճանի մէջ»:
«Ատրպէյճանի մէջ, բացի հայերէն, կ՛ապրին աւելի քան 20 ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Անոնք մեր եղբայրներն են: Այսօր Ատրպէյճանի մէջ կ՛ապրին աւելի քան 40,000 հայեր, բայց Հայաստանի մէջ ոչ մէկ ատրպէյճանցի կ՛ապրի: Մենք ունինք թէ՛ բանակցութիւններու համար լեզու եւ թէ սպառնալիքներ չէզոքացնելու համար ուժ: Ուժին ուժով կը պատասխանենք», յայտարարեց ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ասպարէզ, Ինչու՞ այսպիսի սուտ լուրերու տեղ կուտաք. ընթերցողներուս՝ այսպիսի սուտ լուրեր Հայը նուաստացնելու համազօր է, և այս սրիկան գիտնալով հանդերձ մենք չենք հաւատար իր սուտ լուրերուն հաճոյք կառնէ, օգտագործելով արիթներ, հայը նուաստացնելու ու յիշեցնելով 400 տարի ինչպէ՞ս ապրեցանք որպէս նուաստացած “եղբայր՞ր” շուներուն հետ:
IT IS ANOTHER LIE BY AZERI PERVERTS. HOW CAN YOU HERE ANY LOGICAL STATEMENT FROM A DUNKY…..