
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան մէջ երեք թափուր աթոռներու համար Ապրիլ 2ին կայանալիք ընտրութիւններուն ընթացքին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը

որոշած է նեցուկ կանգնիլ Կրեկ Գրիգորեանի, դոկտ. Արմինէ Կարապետեանի եւ Ճենըֆըր Ֆրիմընի ընտրապայքարներուն: Ընտրութեանց կը մասնակցին 7 թեկնածուներ:
Այս որոշումը տրուած է հիմնուելով ընտրութեանց մասնակցող իւրաքանչիւր թեկնածուի անցեալի գործունէութեան, անոնց յղուած շարք մը հարցումներու պատասխաններուն, ինչպէս նաեւ Փետրուար 20ին կայացած հանրային հաւաքի մը ընթացքին անոնց հետ տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց վրայ:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարելին կ՛ընէ ապահովելու համար, որ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի աշակերտները ոչ միայն բարձրորակ ուսում ստանան, այլեւ աւելի լաւ հասկնան մշակոյթի, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու կարեւորութիւնը: Այս ծիրէն ներս, յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի ցեղասպանութեանց ուսուցման, ուստի Հայ Դատը նաեւ կոչ ըրած է Կլենտէյլի միացեալ շրջանի վարչութեան, որ Ապրիլ 24ի օրը դասաւանդութիւններ տեղի չունենան, որպէսզի աշակերտներն ու անոնց ծնողները առիթը ունենան ըստ արժանւոյն յարգելու Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Հայ Դատը նաեւ կը շեշտէ դասարաններու մէջ աշակերտներու թիւը նուազեցնելու, ինչպէս նաեւ միջնակարգի ու երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնի դասաւանդման յաւելեալ առիթներ ստեղծելու կարեւորութիւնը:
«Վստահ ենք, որ Գրիգորեան, Կարապետեան եւ Ֆրիմըն առողջ ու նպաստաւոր լուծումներ պիտի բերեն Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի դիմագրաւած հարցերուն՝ ճիշդ նախապատուութիւնները ընտրելով ու որդեգրելով՝ ամենայարմար քաղաքականութիւնը գործադրելու համար», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:
Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի աշակերտներուն աւելի քան 35 տոկոսը հայ է: Անոնցմէ մէկ կարեւոր մասին ծնողներուն խօսակցական գլխաւոր լեզուն հայերէնն է:
«Հպարտ եւ ուրախ եմ, որ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է զօրավիգ կանգնիլ ընտրութեանս», կը յայտնէ Կրեկ Գրիգորեան, որ ներկայիս Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ է:
Նման յայտարարութիւններ կատարեցին նաեւ դոկտ. Արմինէ Կարապետեան եւ Ճենըֆըր Ֆրիմըն՝ մեծապէս արժեւորելով Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած գործունէութիւնը եւ խոստանալով մօտէն գործակցիլ անոր հետ, քաղաքի վարժարաններուն վիճակը բարելաւելու նպատակով: