ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կապանի քաղաքապետ Աշոտ Հայրապետեան հրաժարական ներկայացնելու մտադրութիւն չունի: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ինք՝ Կապանի քաղաքապետը: Ան դիտել տուած է, որ իր պաշտօնավարման 100 օրը վերջերս ամբողջացած է, իր պաշտօնանկութեան հարցը դրուած չէ, ինքն ալ մտադիր չէ հրաժարական ներկայացնելու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պատճառով Կապանի մէջ Սերժ Սարգսեանը Րաֆֆի Յովհաննէսեանէն քիչ քուէ ստացած է՝ Աշոտ Հայրապետեան ըսած է, որ Սերժ Սարգսեանը տոկոսային յարաբերութեամբ հաւաքած է նոյնքան քուէ, որքան ՀՀԿն ստացած էր խորհրդարանական ընտրութիւններուն: «Իսկ թէ ինչու է ձայների միւս մասն ամբողջութեամբ տրուել Րաֆֆի Յովհաննէսեանին, ոչ թէ բաշխուել միւս թեկնածուների միջեւ, այլ խնդիր է: Եթէ ՀԱԿը, ԲՀԿն մասնակցէին ընտրութիւններին իրենց թեկնածուով, միանշանակ Րաֆֆի Յովհաննէսեանն այդքան ձայն չէր ստանայ», յայտնած է Աշոտ Հայրապետեան: Կապանի քաղաքապետը նշած է, որ հաւանաբար իրենք որոշ չափով թերացած են քարոզարշաւը կազմակերպելու առումով։
Աշոտ Հայրապետեանը հերքած է այն տեղեկութիւնները, թէ Կապանի մէջ Սերժ Սարգսեանի պարտութեան պատճառով Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանը իրեն հետ շատ խիստ խօսած է, նոյնիսկ հարուածած է բանալիներու տրցակով: Կապանի քաղաքապետը նշած է, որ իր եւ մարզպետին միջեւ ոչ մէկ նման բան պատահած է կամ կրնայ պատահիլ:
Անդրադառնալով 27 Փետրուարին Րաֆֆի Յովհաննէսեանի Սիւնիքի մարզ այցելութեան եւ բոլոր քաղաքներուն մէջ հանրահաւաքներու կայացման՝ ան նշած է, որ իրենք մտահոգ չեն այս հարցով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.