ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Քարիտիաննիս, Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութեան 25րդ տարեդարձին եւ սումկայիթեան ջարդերու 25րդ տարելիցին կապակցութեամբ, հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ, ան հանրութեան հետ կիսած է Արցախ կատարած իր այցելութենէն ստացած տպաւորութիւնները:
«Այսօր Լեռնային Ղարաբաղը տէ ֆաքթօ անկախ, ժողովրդավար եւ լիարժէքօրէն գործող պետութիւն է՝ իր ծաղկող տնտեսութեամբ եւ աշխոյժ քաղաքացիական հասարակութեամբ, որ կը պայքարի իր երկիրի անկախութեան ամրապնդման եւ միջազգային ճանաչման համար», ընդգծած է ան:
Քարիտիաննիս նաեւ իր հիացմունքը արտայայտած է Արցախի նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին մասին՝ զանոնք որակելով «կատարեալ ընտրութիւններ»: Քարիտիաննիս ժողովրդավար այդ պետութեան ընտրութիւնները վերահսկելու իր առաքելութիւնը համարած է «հետաքրքրական եւ դաստիարակչական փորձ»:
2012ի Յուլիսին, խորհրդարանականը գլխաւորած էր դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ այցելած գանատացիներու խումբը, որուն նպատակն էր հետեւիլ Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.