
ՔՆԱՐ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ընկերուհի Արփինէին մասին, երբ կը մտորիմ, հետեւեալ երեք պատկերները կը պարզուին միտքիս պաստառին վրայ.
ՀՕՄի «Արաքս» մասնաճիւղ.
ՀՕՄի «Արաքս» վարժարան.
ՀՕՄի 46րդ Պտգամաւորական ժողով:
Արփինէի հետ ընկերութիւնս սկսած է Ինկըլվուտի մեր տան մէջ, ուր 1964ին հիմնուեցաւ «Արաքս» մասնաճիւղը՝ ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան քարտուղար, Քարէն Եփփէ ճեմարանի նախկին ուսուցչուհիիս՝ Գոհար Թէօլէօլեանի կողմէ: 10 երդուեալ անդամներ էինք:
«Արաքս» անունը առաջարկուած էր Արփինէին կողմէ:
Շուտով հիմնեցինք նաեւ ՀՕՄի «Արաքս» Շաբաթօրեայ վարժարանը:
Արփինէն, ինքնակամօրէն, սիրայօժար, միշտ ներկայ, միշտ պատրաստ՝ օգտակար դեր կատարելու «Արաքս» վարժարանին եւ մասնաճիւղի գործունէութեանց մէջ:
«Արաքս» մասնաճիւղի հիմնումէն երկու տարի անց, տեղի ունեցաւ ՀՕՄի 46րդ Պատգամաւորական ժողովը Լոս Անճելըսի «Ըմպեսետըր» պանդոկին մէջ՝ 1966, Յունիս 26ին:
«Արաքս» մասնաճիւղի զոյգ պատգամաւորներն էինք Արփինէի հետ:
Մեզի համար մեծ փորձառութիւն մը եղաւ Պատգամաւորական ժողովը: Ժողովը վարեց ընկհ. Զապէլ Սերոբեանը: Ատենադպիրի պարտականութիւնը կը կատարէի նաեւ ես:
Ժողովի վայրը հեռու էր մեր բնակավայր Ինկըլվուտ քաղաքէն. առաւօտուն երթը հեշտ էր. հապա վերադարձը՞ ուշ գիշերներուն:
Արփինէի քաջարի ներկայութիւնը՝ նստած կողքիս, անկասկած իր դերը ունեցաւ ինքնաշարժս աւելի անվախօրէն վարելու մէջ:
Հետագային, պայմաններու բերումով, բոլորս ալ հեռացանք Ինկըլվուտէն. անդամներուն մեծամասնութիւնը Թորընս հաստատուելով՝ «Արաքս» մասնաճիւղի կեդրոնը դարձաւ Թորընս քաղաքը:
Իսկ ես ալ, ընտանեօք, փոխադրուեցայ հակառակ ուղղութեամբ:
Իմ պարագայիս, ես միացայ իմ նոր շրջանի ՀՕՄի մասնաճիւղին:
Արփինէն անխոնջ կերպով, հաւատարմօրէն շարունակեց հետեւիլ «Արաքս» մասնաճիւղի գործունէութեանց. ան եղաւ իրօք վաստակաշատ ՀՕՄուհի:
Հակառակ անոր, որ իրարմէ հեռու վայրեր բնակեցանք, մեր յարաբերութիւնները մնացին ընկերական՝ շնորհիւ Հայ Օգնութեան Միութեան «Արաքս» մասնաճիւղի մեր ընկերութեան:
Սիրելի ընկերուհի, հողդ թեթեւ ըլլայ: