Այս օրերուն Մարսէյի հայկական համայնքը կը նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի տեղադրման 40ամեակը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութենէն:
Յուշարձանը տեղադրուած է Ս. Թարգմանչաց տաճարի տարածքին: Անոր հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 11 Փետրուար, 1973ին՝ Ժոզէֆ Քոմիդիի օրօք, որ այդ ժամանակ կը վարէր Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնը, եւ Մարսէյի քաղաքապետ՝ Կասթոն Տեֆըրի ներկայութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.