ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի (ՀՏՖ) Համաշխարհային մրցունակութեան 2012-2013 թուականներու զեկուցումին մէջ տեղ գտած ենթակառուցուածքներու վերաբերող բաժինիով երեւան եկած են աշխարհի ամէնէն վատ եւ ամէնէն վատ ճամբաները՝ 144 երկիրներու մէջ։
ԱՊՀ երկիրներէն այդ ցանկին մէջ ամէնէն վատ կացութեան մէջ եղողի դիրքը կը գրաւէ Ուքրանիան, որ 137րդ դիրքի վրայ է 7 կէտէն 2.3 ստանալով: Անկէ մէկ աստիճան աւելի լաւ են ռուսական ճամբաները։
Բարձր գնահատականներ ստացած են Ֆրանսան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Սինկափուրը: Այս երկիրներուն կը յաջորդեն Փորթուգալը, Օմանը, Զուիցերիան, Աւստրիան, Հոնկ Քոնկը, Ֆինլանտան եւ Գերմանիան:
ԱՊՀի տարածաշրջանին մէջ լաւագոյնը նկատուած են Ատրպէյճանի ճամբաները (67րդը՝ 4 կէտով): Հայաստանը վատ վիճակի մէջ կը նկատուի, անիկա 80րդ դիրքի վրայ է՝ 3.7 կէտով: Դրացի երկիրներէն Թուրքիան՝ 43րդն է (4.9), Վրաստանը՝ 56րդը (4.4), Իրանը՝ 68րդը (4):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.