ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը Չորեքշաբթի, Փետրուար 27ին շարունակեց պահանջել իր իրաւունքները՝ ձեռնարկելով հսկայ ցոյց-քայլարշաւի մը, որ սկսաւ Պարպիրի կամուրջէն, անցաւ Պասթայէն, հասնելով մինչեւ վարչապետարան: Ցոյցին մասնակցեցաւ ծովածաւալ բազմութիւն մը: Խորհուրդը հաստատեց, որ եթէ այս շաբաթ աշխատավարձերու յաւելումի թղթածրարը խորհրդարան չփոխանցուի, ապա խորհուրդը կոչ պիտի ուղղէ ամբողջական եւ ընդհանուր գործադուլ կատարելու երկրին մէջ:
Քաղաքական գետնի վրայ, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Չորեքշաբթի երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ «Ուղղափառ հանդիպում»ին մշակած ընտրական օրինագիծը պիտի շարունակէ մնալ առաջին դիրքի վրայ՝ նկատի ունենալով խորհրդարանի միացեալ նիստերուն ընթացքին ստացուած քուէարկութեան պատկերը, սակայն, միաժամանակ, այլընտրանքներու որոնումը ընթացքի մէջ պիտի ըլլայ: Նասրալլա նշեց, որ եթէ առարկայականօրէն քննուի Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածող ընտրական օրնագիծը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ, ապա պիտի տեսնենք, թէ անիկա արդար օրինագիծ մըն է, որ հաւասարութիւն կ՛ապահովէ եւ կ՛ամրապնդէ ազգային միասնականութիւնը: Ան ընդգծեց, որ «Հըզպալլա» կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը: «Կը մաղթենք, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը կարելի եղածին չափ շուտ կը փոխանցուի խորհրդարան», ըսաւ ան:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շարք մը երեսփոխաններու հետ քննեց խորհրդարանական ենթայանձնախումբին տրամադրած ընտրական օրինագիծի իր տարբերակը, որ խառն է եւ հիմնուած համամասնական ու մեծամասնական դրութեանց վրայ: «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական ապակայունութիւնը շարունակուի, ապա երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը կրնայ յետաձգուիլ:
Իր կարգին, «Թաուհիտ» հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիսամ Ուահապ յայտնեց, որ մինչ ընտրական օրէնքի մը շուրջ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, քաղաքական բոլոր կողմերը կը խուսափին երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումէն:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Չորեքշաբթի օր նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ներկայացուցած է «Մուսթաքպալ» հոսանքին կողմէ «գրեթէ վերջնականացուած» ընտրական օրինագիծի իր տարբերակը, մինչ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց կազմելու համախոհական ընտրական օրէնք մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.