
«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի մէջ Չորեքշաբթի, Փետրուար 20ին լոյս տեսած մահագրութեան մը մէջ, Տէյվիտ Հենտըրսըն կը գրէ, թէ մէկ օր առաջ իր մահկանացուն կնքած տնտեսագէտ Արմէն Ալչեանը կը նկատուէր տնտեսութեան Նոպէլեան մրցանակի արժանի տնտեսագէտ մը, շնորհիւ իր բազմաթիւ ուսումնասիրութեանց եւ յատկապէս՝ տնտեսագիտութեան դասագիրքով:
Լոս Անճելըսի մէջ 98 տարեկան հասակին մահացած Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) պատուակալ դասախօս Արմէն Ալչեան յայտնի էր իր նորարարական հետազօտութիւններով. ան սիրուած դասախօս մըն էր։
Համալսարանի պաշտօնական կայքին վրայ կը նշուի, թէ Ալչեան աւելի քան կէս դար շարունակ իր նպաստը բերած է համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքին՝ զայն դարձնելով Ամերիկայի ամենահեղինակաւոր հաստատութիւններէն մէկը։ Ալչեան նաեւ հիմնադիրն է տնտեսագիտութեան մարզին մէջ «UCLA-ի աւանդութիւն» անունով ծանօթ տեսութեան:
Արմէն Ալպերթ Ալչեան, զոր գործընկերները կ՛անուանեն «հայ Էտըմ Սմիթ», Սթենֆըրտ համալսարանէն իր դոկտորականը ստանալէ ետք Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ սկսած է դասախօսելու 1946ին՝ պաշտօնապէս հանգստեան կոչուելով 1984ին, սակայն համալսարանի իր գրասենեակը պահած է մինչեւ 2007։ Ուսանողներու ամբողջ սերունդ մը ուսած է անոր «Համալսարանական տնտեսագիտութիւն» (1964) դասագիրքով, որ 1983ին վերահրատարակուած է «Փոխանակում եւ արտադրութիւն» անունով, համահեղինակութեամբ Ուիլեըմ Էլընի:
Տէյվիտ Հենտըրսըն կը նշէ նաեւ, թէ Ալչեան յատուկ ձիրք ունէր տնտեսութեան մասին գրական բարձր ոճով արտայայտուելու՝ կատակախառն նախադասութիւններ օգտագործելով տնտեսական բարդ տեսութիւններ բացատրելու ժամանակ: Իբրեւ օրինակ, Հենտըրսըն կու տայ հետեւեալ նախադասութիւնը. «Եդեմի պարտէզի միջադէպէն ետք, ինչի զոր կը տիրանանք՝ արդիւնք է քրտինքի, ջանքի, անձկութեան եւ յոգնութեան»:
Արմէն Ալչեան ծնած էր 1914ին, Ֆրեզնօ: 1996ին, Ամերիկեան տնտեսագիտական ընկերակցութեան կողմէ ան ընտրուած է իբրեւ պատուակալ գործիչ: Անոր անունով կոչուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան տեսութեան ամպիոնը։ Անոր ուսանողներէն Ուիլեըմ Շարփ 1990ին արժանացած է Նոպէլեան մրցանակին. Շարփ անոր մահուան գոյժը ստանալէ ետք ըսած է, թէ Ալչեան տիպար մըն էր իրեն համար: