
Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան 12րդ գիտական մրցանքին ներկայացուցած աշակերտական ուսումնասիրութեանց արժեւորումն ու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 10ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն սկսեալ, «Ուուտպըրի» համալսարանին մէջ (7500 Glenoaks Boulevard, Burbank, CA 91510):
Սոյն մրցանքին կը մասնակցին 6էն 12 դասարաններու հայ աշակերտներ: Տարբեր բաժանմունքերու մէջ չորսական՝ առաջինէն չորրորդ, մրցանակներ պիտի յանձնուին. անոնց առընթեր պիտի շնորհուին յաջորդաբար 500էն 50 տոլարի նիւթական նուէրներ: Պիտի պատուըւի նաեւ վարժարան մը եւ ուսուցիչ մը, որոնք պիտի ստանան նաեւ 300ական տոլարի մրցանակներ: