
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 24 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6ին, «Միշել Մըր» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 95ամեակին եւ Հայ սկաուտի օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտներու տողանցքով, որմէ ետք շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:
ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց Յակոբ Չպլաքեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄի կարեւորութեան եւ հայութեան կեանքին մէջ ունեցած մեծ դերակատարութեան, հակառակ մերօրեայ բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն եւ համաշխարհայնացման մեծ ալիքին: «Որովհետեւ մենք՝ իբրեւ ազգ եւ այդ ազգին ծոցէն ծնած մարմնակրթական միութիւն, կը մերժենք ժխտական հոլովոյթները եւ պայծառ հոգիով ու աչքերով կը նայինք ապագային: Մենք կը գիտակցինք մարտահրաւէրներուն, կը վերցնենք ձեռնոցը եւ արի կամքով ու հաւատքով կ՛երթանք առաջ՝ իբրեւ նահատակ ցեղի անմահներու արժանաւոր սերունդներ», ըսաւ Յ. Չպլաքեան: Մերօրեայ լճացած կեանքին եւ անհատը դէպի մեկուսացում առաջնորդող իրավիճակներուն ակնարկելով՝ Յ. Չպլաքեան դիտել տուաւ, որ սկաուտութիւնը նոր սերունդները անգոյն, անհամ եւ միապաղաղ իրականութենէն դուրս հանելու բուռն պայքար մղելու լաւագոյն միջոցներէն է: «Այսօր աւելի քան երբեք, սկաուտական շարժումը ունի կենսական դերակատարութիւն՝ մարդոց հոգիներուն մէջ վերակենդանացնելու համար բնութեան հոգատարութիւնը, Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքը եւ հայրենիքի սէրը, որովհետեւ առանց անոնց կը քանդուի բնութիւնը, կը խզուի մարդուն կապը Աստուծոյ հետ եւ հայրենիքը կ՛արժէզրկուի ամբողջ մարդկութիւնը մղելով դէպի անդունդ, զառիվար: Եւ այս խելակորոյս զառիվարին դէմ կը ցցուի ՀՄԸՄը, յատկապէս սկաուտական շարժումով, որպէսզի հայ ծնողները իրենց զաւակները տեսնեն իբրեւ լեռներուն գագաթները սլացող արծիւներ եւ ոչ թէ ստորոտները սողացող սողուններ», հաստատեց ան:
Ապա շեփորախումբը նուագեց երկու եղանակ, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի պատմականը, անցած ուղին, գործունէութեան տարբեր դաշտերը եւ բազմաթիւ ծրագիրները ներկայացնող տեսաերիզ մը: Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին արենուշները՝ նազպարով եւ երէց փաղանգը՝ բուրգի ներկայացումով:
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշէան, որ իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ 95 տարի շարունակ սերունդներ դաստիարակած, հայեցի կրթութիւն ջամբած, սերունդներուն մէջ հայկական ինքնութիւն քանդակած, աշխարհատարած 102 մասնաճիւղերով գործող ՀՄԸՄի կարեւորութիւնը:
«95 տարիներ ՀՄԸՄ բարձրացաւ ու իրեն հետ բարձրացուց ազգային պատիւը, նուիրագործեց իր վսեմ կոչումը, դաստիարակեց իրերայաջորդ սերունդներ ու անթիւ, անհամար մարզիկներ, պատրաստեց իր կոչումին տէր հայ սկաուտ, նաեւ կերտեց հայրենասէրի տիպար հայ մարդը», ընդգծեց Քէշիշեան:
Յ. Քէշիշեան շեշտեց, որ այս բոլորը կատարելը դիւրին չէր, այլ իրագործուեցաւ յայտնի ու անյայտ հերոսներու, գործիչներու, ղեկավարներու, անդամներու, մարզիկներու եւ սկաուտներու ճիգով ու յարատեւ աշխատանքով՝ իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ: «Յաջորդական սերունդներ իրենց անհատական թէ հաւաքական ջանքերով ու քրտինքով արձանագրած են բազմաթիւ նուաճումներ՝ կառչած մնալով անցեալէն ժառանգուած սկզբունքային արժէքներուն: Սակայն չի բաւեր հարուստ ու փառապանծ պատմութիւն մը ժառանգել, պարտաւոր ենք այդ պատմութիւնը աւելի եւս հարստացնել մե՛ր իրագործումներով», հաստատեց ան: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ նորանոր մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն դիմաց պէտք է տէր կանգնիլ ժառանգին, պահել ու պահպանել աւանդը, պէտք է կրկնապատկել մեր ճիգերը, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ բոլորը փոխանցել «արի ու չարքաշ հայ սկաուտին, ազնիւ մարզիկին եւ խոնարհ ու առաքինի միութենականին, որոնք իրենց գործնական ներդրումը պիտի ունենան ՀՄԸՄի աւելի եւս հզօրացման ու Սփիւռքի, Հայաստանի ու Արցախի մէջ հայ ժողովուրդի յառաջդիմութեան՝ ի խնդիր հայ ուժի ամրապնդման եւ մեր վախճանական նպատակներուն իրագործման»:
Իր խօսքը եզրափակելով՝ Յ. Քէշիշեան հաստատեց, որ կեանքի պայքարին մէջ ՀՄԸՄը վճռական է շարունակելու իր պայքարը:
Ապա ՀՄԸՄի նուիրուած երգերով հանդէս եկան Հրաչ Կայծակեան, Սարօ Փանոսեան, Սերոբ Յակոբեան եւ Վիգէն Տիշչէքենեան, իսկ Գառնիկ Սարգիսեան մեկնաբանեց սուրիահայութեան նուիրուած իր նորագոյն երգը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Նորայր եպս. Աշըգեան, որ գնահատեց բոլոր անոնց, որոնք նման ձեռնարկի մը կազմակերպման նախաձեռնած էին. ան հաստատեց, որ իր ծննդեան առաջին վայրկեանէն ՀՄԸՄին նպատակը եղած է ծառայել ազգին ու հայրենիքին, ուստի անիկա եղաւ կառոյց մը, որ հաստատ մնաց իր առաքելութեան մէջ, հանդիսացաւ իւրայատուկ դպրոց, հայակերտման ու ազգակերտման ամրոց: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄին մաս կազմողը կը գիտակցի, որ հայրենիքին ու ազգին ծառայելը պարտականութիւն չէ, այլ պարտաւորութիւն, պարտք չէ, այլ պատիւ: Միութեան շարքերուն մէջ սերունդներ կը սորվին, որ իրենք ցեղասպանուած, սակայն յարութիւն առած ազգի մը զաւակներն են, որոնք իրաւատէր ու պահանջատէր կը մնան մինչեւ Արարատը տուն բերեն: Սրբազան հայրը իր խօսքը եզրափակեց յարգանքի արտայայտութեամբ՝ հանդէպ իրենց կեանքը միութեան համար ընծայաբերած անձերուն, որոնք միութեան անունը բարձր պահեցին եւ սերունդներու կերտման մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունեցան:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ»ով: