Քոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, Փետրուար 24ին, պատարագ եւ հոգեհանգիստ մատուցուեցաւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի կողմէ, Սումկայիթի զոհերու յիշատակին:
Ներկայ էին Քոմոթինիի Թաղային խորհուրդի անդամները եւ գաղութէն ներս գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ: Տէր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սումկայիթեան սպանդի 25ամեակին:
Հոգեհանգիստի աւարտին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ զոհերուն յիշատակը: Ապա դափնեպսակի զետեղում տեղի ունեցաւ Թաղային խորհուրդի փոխատենապետ Միհրան Եսայեանի կողմէ:
Հոգեհանգիստին ու դափնեպսակի արարողութեանց մասին լայնօրէն անդրադարձաւ տեղական մամուլը՝ հեռատեսիլի եւ թերթերու մէջ թղթակցութիւններով: Նախորդ օր եւս Սումկայիթի դէպքի մասին լուսաբանութիւններ փոխանցող գրութիւն մը լոյս տեսած էր տեղական թերթերուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.