
ՊՈԼԻՍ.- Ըստ «Մարմարա»ի՝ թրքական մամուլը Չորեքշաբթի, Փետրուար 27ին նոր տեղեկութիւններ հրապարակած է Իմրալըի բանտին մէջ քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի կողմէ՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեք ներկայացուցիչներու հետ խորհրդակցութիւններէն ետք՝ Թուրքիոյ իշխանութեանց փոխանցուած նամակէն։ Օճալանի նամակին մէջ կը շարէ հաշտութիւն իրականացնելու երեք իրերայաջորդ հանգրուաններ։ Առաջին հանգրուանը կը վերաբերի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալ ուժերուն՝ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս ելլելու հարցին։ Օճալանի այս կոչը պիտի հրապարակուի Մարտ 21ին, Նովրուզի տօնակատարութեանց ընթացքին։ Դուրս ելլելու գործընթացը պիտի ամբողջանայ Յուլիսի վերջաւորութեան կամ Օգոստոսի սկիզբը, իսկ անոր ընթացքին դիտորդի պարտականութիւն պիտի կատարէ խորհրդարանի եւ կառավարութեան կողմէ կազմուած յանձնախումբ մը։ Օճալան դիտել կու տայ, որ քրտական զինեալ ուժերուն կողմէ պարպուած տարածքներուն վրայ պէտք չէ տեղակայուին պետութեան կազմած «գիւղական պահակներու» կամ նման այլ զինեալ ուժեր։
Երկրորդ հանգրուանը ամբողջովին հիմնուած է նոր սահմանադրութեան վրայ, որ Օճալանի կողմէ կը նկատուի լուծման ու հաշտութեան գործընթացի գլխաւոր բանալին։ Օճալան կ՛ըսէ, թէ պէտք է ընդունուի հետեւեալը. «Ան, որ ազատ կամքով ինքզինք այս երկրին կապուած կը զգայ, Թուրքիոյ հանրապետութեան հայրենակից է»։ Ան դիտել կու տայ, որ «ազգ» հասկացողութիւնը որեւէ ցեղի կապուած չէ ու պէտք չէ ըլլայ։ Ըստ անոր, եթէ այս նպատակին համար գործածուի Եւրոմիութեան շրջանային վարչութեան կանոնագրութիւնը, ապա հարցերը արդէն կը լուծուին:
Երրորդ հանգրուանով, Օճալան կը պահանջէ, որ բոլորին առջեւ բացուի քաղաքական գործունէութեան դաշտը:
Օճալան նաեւ իբրեւ առաջին նախապայման նշած է, թէ կողմերը պէտք է հեռու մնան պատերազմի բառամթերքէն ու անոնց բոլոր խօսքերը պէտք է հաշտութեան առաջնորդեն։ Օճալան իր առաջարկածները իրականացնելու համար կը յանձնարարէ արագ շարժիլ, որպէսզի խափանարարներ չմիջամտեն ու գնացքը չխանգարեն։ Հետաքրքրական է Օճալանի այն խօսքը, թէ՝ «ես ալ, պետութիւնն ալ բաւական դաս քաղեցինք անցեալի անցուդարձերէն: Եթէ արագ չշարժինք, ապա առիթ կու տանք խափանարարներու»։
««Այս բոլորը որքանո՞վ կիրարկելի են եւ ինչպէ՞ս պիտի կիրարկուին» հարցումները ինքնաբերաբար ծնունդ կ՛առնեն մարդկանց միտքին մէջ։ Բայց կը թուի, թէ հրատարակուածներէն աւելին կայ այս գործընթացին ու Օճալանի նամակին մէջ», կ՛եզրակացնէ «Մարմարա»։
Միւս կողմէ, տակաւին յստակ կերպով յայտնի չէ, թէ ի՛նչ է Թուրքիոյ կառավարութեան կեցուածքը։ Ստոյգ է, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը շարունակէ խօսիլ իր նախկին ոճով, որքա՛ն ալ անդրադառնայ նոր գործընթացէն գալիք դրական քայլերուն: Ան շարունակ կը յիշեցնէ կառավարութեան անշեղ սկզբունքները ու ամբողջական միասնականութեան նախապայմանները։ Էրտողան այս կապակցութեամբ Փետրուար 26ին յայտարարութիւններ ըրաւ ու անդրադառնալով Օճալանի նամակին՝ ըսաւ. «Մեր հիմնական սկզբունքներն ու տրամադրութիւնները յայտնի են։ Եթէ նոր հանգրուանի առաջարկները կը յարմարին մեր այդ սկզբունքներուն, այն ատեն, կը նշանակէ, որ զարգացում մը կայ։ Մենք յստակ կերպով բացատրեցինք, թէ մինչեւ ո՛ւր կրնանք երթալ եւ ի՛նչ է մեր ազգային միասնութեան ու եղբայրութեան ծրագիրը»։
Էրտողան աւելցուց, թէ պէտք չէ սակայն «երկիրին ընդունած արժէքներու ցանկէն» զիջումներ պահանջուին։ «Մենք ըսինք՝ մէկ ազգ, մէկ դրօշակ։ Ասոր մէջ բոլորն ալ կան։ Կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ալ հաւասար մօտիկութիւն ցոյց տուինք, փոքրամասնութիւններու կալուածները մաս առ մաս կը վերադարձնենք։ Մեր կառավարութիւնն է, որ ըրաւ այս բոլորը։ Մենք Եւրոպային իսկ, իբրեւ օրինակ կրնանք ծառայել», պնդեց ան: Պատասխանելով քիւրտ զինեալներու մասին հարցումի մը՝ Էրտողան ըսաւ. «Անոնք, որոնք պիտի ուզեն մեր երկիրին մէջ մնալ եւ որեւէ յանցագործութիւն չունին, պիտի կարենան վերադառնալ իրենց ընտանիքներուն։ Եթէ կան ուրիշներ, որոնք ուրիշ երկիր երթալ կ՛ուզեն, երթալու երկիր շատ կայ»։