«Մարմարա»էն ստացանք հետեւեալ լուրը. «Այս առտու գոհունակութեամբ տեղեկացանք որ Մեսրոպ Ամենապատիւ սրբազան պատրիարք հօր դարմանումը դրական պատասխան տուած է։ Խանգարուած բոլոր հաւասարակշռութիւնները սրբագրուած են, բացի արեան ճնշումի խանգարումէն։ Սրբազան հայրը կը մնայ խտացեալ դարմանումի բաժինին մէջ ու բժիշկները աշխատանք կը տանին, որպէսզի արեան ճնշումն ալ վերագտնէ իր բնականոն մակարդակը։ Կը թուի, թէ պատրիարք հայրը միջոց մը եւս պիտի մնայ խտացեալ դարմանումի բաժինին մէջ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.