ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Հռոմի մէջ Հինգշաբթի օր կայանալիք մօտաւորապէս 60 երկիրներու եւ Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպման նախօրեակին, Միացեալ Նահանգէներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Փետրուար 27ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը ապահովելու համար՝ «կը կարծեմ, որ ընդդիմութեան յաւելեալ օժանդակութեանց կարիքը ունինք»:
Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ հանդիպումէն ետք կատարուած այս յայտարարութեան աւարտին, Քերի մերժեց պարզաբանել, թէ ի՛նչ ձեւի օժանդակութեան մասին է խօսքը, սակայն «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը նոյն օրը կը գրէր, թէ Ուաշինկթըն այս հանգրուանին, հաւանաբար, սկսի զրահապատ փոխադրակառքեր, փամփշտարգելներ ու նոյնիսկ ընդդիմադիր զինեալներու մարզում տրամադրել:
Քերի մէկ օր առաջ Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ շեշտը դնելով Սուրիոյ իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան վրայ: Հանդիպումէն ետք կողմերը դրական նկատեցին զայն, սակայն ռուս քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ երկխօսութեան հարցը նեղ կացութեան կրնայ մատնել Ուաշինկթընը, որովհետեւ ընդդիմութիւնը միացեալ ճակատ մը չի ներկայացներ: Անոնք կը շեշտեն, թէ Մոսկուա տագնապին առաջին օրէն շեշտը դրած էր երկխօսութեան վրայ ու հաստատ կը մնայ այդ կեցուածքին, մինչ շաբաթասկիզբը Մոսկուա այցելած Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը կրկնած էր, թէ Դամասկոս պատրաստ է բանակցելու:
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը ամերիկացի եւ արեւմուտքէն պաշտօնատարներէ քաղելով իր տեղեկութիւնները՝ կը հաղորդէ, թէ Սէուտական Արաբիա գումարներ տրամադրած է՝ խրուաթեան արտադրութեամբ զէնքեր հասցնելու համար Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն: Զէնքերը, Յորդանանի ճամբով, Դեկտեմբերին հասած են սուրիացի ընդդիմադիրներուն ձեռքը եւ դրական ազդեցութիւն ունեցած են անոնց յառաջընթացին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.