
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հակառակ հանրապետական ծերակուտականներու ընդդիմութեան եւ ձգձգումներուն, Երեքշաբթի, Փետրուար 26ին, Ծերակոյտի լիագումար նիստը վերջապէս առիթը ունեցաւ քուէարկելու՝ Չաք Հէյկըլը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակելու մասին նախագահ Օպամայի որոշումի վաւերացման: Իր կարգ մը ինքնագլուխ քայլերուն համար շարք մը հանրապետական ղեկավարներու քննադատութեանց արժանացած հանրապետական նախկին ծերակուտականին նշանակումը վաւերացուեցաւ 41ի դէմ 58 քուէով: Ան ապահովեց միայն չորս հանրապետական ծերակուտականներու աջակցութիւնը:
Հէյկըլ Չորեքշաբթի օր իսկ ստանձնեց իր պաշտօնը: