Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Տարիներ առաջ, դիտած եմ կէս վաւերագրական-կէս վիպական ժա-պաւէն մը. 8-10 արկածախնդիրներ կրող կերպընկալ-ձգախէժէ նաւակներով, խումբ-խումբ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, արագավազ եւ յորձանուտ գետի մը վրայ կը թիավարէին՝ թռչելով փրփրաթէզ ալիքներու վրայէն, իյնալով փոթորկոտ գետին ստեղծած անդունդները, բախելով ժայռերու. նաւակներէն մէկն ու մէկը երբեմն գլխիվայր կը շրջուէր ժայռի մը բախելով, նաւաստիներէն մէկ քանին կը թափէին նաւակէն դուրս եւ օդով ուռած թիկնոցներու վստահելով՝ կը քշուէին հոսանքն ի վար, նաւակին հասնիլ փորձելով։ Ի վերջոյ, նաւակները կը հասնէին աւելի խաղաղ ջուրեր, նաւարկողները պահ մը աւելի հանգիստ յառաջ կ՛ընթանային, սակայն գետին յաջորդ հատուածը դարձեալ կը վարարէր, դարձեալ արկածախնդրական նոյն «ձիավարութիւնը»՝ եռքի ելած գետին վրայ, եւ այսպէս՝ շարունակաբար, մինչեւ սպառիչ մրցումին աւարտը, մինչեւ մրցորդներուն ցամաք ելլելը։
***
Աշխարհի ճակատագրակից շարք մը ժողովուրդներու պէս, մեր՝ հայերուս կեանքն ալ կը նմանի փոթորկայոյզ գետի վրայ նման նաւարկումի, այն տարբերութեամբ, որ ժապաւէնին մէջ նաւարկողները իրենց ազատ կամքով ձեռնարկած էին այդ վտանգալից արկածախնդրութեան, լաւ գիտնալով, որ փոթորկոտ ու խենթ գետերու վրայ նման նաւարկում՝ կրնայ արժել մէկուն կամ մէկ քանիին կեանքը. մինչդեռ մենք պատմութեան յորձանուտին մէջ բռնուած ենք մեր աշխարհագրական դիրքին ու պատմութեան բերած կացութիւններուն բերումով, հետեւաբար, ստիպուած ենք նոյնքան խիզախօրէն ու անվհատ բազուկներով նաւարկել՝ մինչեւ խաղաղ ջուրեր հասնելու պահը, վերանորոգել կորսուած ուժն ու կորով, պատրաստ ըլլալ պատմութեան բերելիք յաջորդ վարարուն հատուածին։
Հայութեան նաւը իր մէջ կը կրէ բոլորս, այսինքն՝ Հայաստանի թէ աշխարհով մէկ տարածուած հայորդիներս։ Նաւարկումն ալ կը հարկադրէ բոլորիս բազուկներուն միացումը, որպէսզի եթէ մեր նաւակը վտանգուի, գլխիվայր դառնալու կացութեան մատնուի, կարենանք միասնաբար զայն ծփացնել ճիշդ դիրքով, հաւաքուիլ անոր մէջ ու թիավարումը շարունակել մինչեւ…
***
Վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը մեզ եւս յաճախ նետած է վտանգաւոր կամ մեղմ յորձանուտներու մէջ, մեր ժողովուրդին նաւը բազմիցս ինկած է փրփրաթէզ ալիքներու վրայ, վերածուած է խաղալիքի։ Օրինա՞կ կ՛ուզէք. երթանք քառորդ դար ետ ու մտաբերենք անցեալ դարու 80ական տարիներու վերջերը։
… Բ. Աշխարհամարտի եւ «Պաղ Պատերազմ»ի փոթորկոտ տարիներուն, յաջորդեր էր 70ականներու՝ Արեւելք-Արեւմուտք ձիւնհալի ժամանակաշրջան մը, երբ երեւութական հանդարտ հոսանքներ նպաստաւոր կացութիւններ ստեղծեցին աշխարհի տարածքին, իրենց անդրադարձը ունենալով նա՛եւ մեր հայրենիքին վրայ։ Հոսող գետին ջուրերը աւելի քան տասնամեակ մը ետք սկսան վերստին վարարիլ, նաւարկողները հասցնելով այն փոթորկալի հոսանքներուն, որոնք առաջնորդեցին խորհրդային կայսրութեան փլուզման ու տարանջատումին։ Ազատականութեան, արդարութեան, հողային իրաւուքներու վերատիրացման եւ ինքնորոշման հովերը խրախուսեցին նա՛եւ հայ թիավարողները. ծայր տուին արցախեան պահանջատիրական պայքարն ու (ի շարս խորհրդային այլ երկիրներու) Հայաստանի վերանկախացման գուպարները։ Այդ օրերուն ապրողներուն ու հայութեան նաւուն ղեկը իրենց ձեռքին ունեցողներուն միայն մէկ մասը ապրած էր Բ. Աշխարհամարտի փորձառութիւնը, համտեսած՝ անոր առթած փոթորիկներուն հետեւանքները, զանոնք կրած՝ իր մորթին վրայ։ Այդ տարիներուն, յատկապէս 1988էն մինչեւ 1993-94, մեր նաւակը «թիավարեց» աշխարհասասան իրադարձութիւններու վարարուն հոսանքներուն մէջէն ու մեզ հասցուց Հայաստանի վերանկախացման, Արցախի հողերուն մէկ մեծ մասին ազատագրման եւ պատմութեան մէջ նոր էջերու

բացումին…
Այսօր, մօտաւորապէս քառորդ դար անցած է այդ հանգրուանէն ասդին։ Արդէն հասակ առած է սերունդ մը, որուն համար 80ականներու վերջերու եւ 90ականներու սկիզբի իրադարձութիւնները պատմովի իրադարձութիւններ են, չեն ապրուած այնպէս՝ ինչպէս զանոնք ապրեցան միջին տարիքի մօտեցողներ ու աւելի երէց սերունդի պատկանողներ։ Մեր ակնարկութիւնը կ՛երթայ այն երիտասարդներուն ու երիտասարդուհիներուն, որոնք 30 տարիքը չեն բոլորած. անոնք մեր մատնանշած տարիներուն տակաւին մանուկ էին, խելահաս ու լիովին վերահասու չէին իրադարձութեանց, կրնան մանր յիշատակներ ունենալ այդ օրերէն։ Սակայն անոնք, որոնք մասնակից եղան այդ փոթորկոտ ջուրերուն մէջ նաւարկումին, անոնք՝ որոնք իրականացուցին Արցախի ազատագրումը եւ Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումը, լաւապէս կ՛ըմբռնեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ՆՈՒԱՃՈՒՄ, ի գին մարդկային եւ նիւթական հսկայական զոհաբերութեան, կորուստի։
Նուաճումին մասնակիցները՝ իրենք, առաջին հերթին, ապա նաեւ անոնց նուաճումներուն ուղղակի ժառանգորդները՝ նորահաս երիտասարդութիւնը այսօր վրդովմունքով կը հետեւին այնպիսի դէպքերու եւ ռազմաքաղաքական զրոյցներու, որոնք կը խնդրարկեն յիշեալ իրագործումներուն անդառնալիութիւնը։ Եւ այդ վրդովմունքէն բխող կամքը ըսել կու տայ անոնց, եւ բոլորի՛ս, որ պատմութեան փոթորիկները մեզ դրած են անվերադարձ հոսանքներու մէջ, մեզ կը մղեն վերանորոգելու մեր ուժերը, որպէսզի հաւանական նոր փոթորիկներու վրայէն եւս նաւարկումը շարունակենք նոյն կամքով։
***
Վրդովմունքի ազդակները բազմաթիւ են, բազմերես ու բազմաճիւղ։ Անոնք օր մը կը ներկայանան սահմանամերձ շրջաններու մէջ բախումներով ու թշնամի արձակազէններու ոճիրներով, այլ հանգրուանի մը՝ ազերի կամ թուրք բանտարկեալ ոճրագործի մը ազատ արձակումով ու հերոսացումով, երրորդ հանգրուանի մը՝ Ստեփանակերտի օդակայանին ուղղուած սպառնալիքով կամ, աւելին, Պաքուի քարիւղի հարստութիւնները սպառազինման լծելու եւ հայկական կողմին դէմ պատերազմի սպառնալիքներով։
Նոյնքան վտանգաւոր են հայկական կարգ մը «իմաստուններու» շրջանակներէն բարձրացող այն շշուկները, որոնք «իրապաշտութեան» յորդորներ կ՛ուղղեն՝ հողային զիջումներու ճամբով խաղաղութիւն ու բարի դրացնութիւն գնելու «տրամաբանութեամբ»։ Մինչեւ իսկ յիշողութիւններ աղարտելու փորձեր կը կատարուին, մոռացութեան մատնելու համար այն, որ Արցախն ու հայկական կողմն էին անարդարութեան ենթակայ կողմը, 80ական տարիները կանխող տասնամեակներէն իսկ, մինչեւ այսօր ալ Ատրպէյճան եւ անոր դաշնակից-զինակից Թուրքիան մեծ պարտամուրհակներ ունին վճարելիք Հայաստանին ու հայութեան, մեզի՛։
***
Արցախեան պայքարի շղթայազերծումէն քառորդ դար ետք, ու այս ժամանակամիջոցին արձանագրուած նուաճումներուն իսկ յենակէտով, կը հաստատենք ու կը վերահաստատենք, թէ մեր նաւը կը գտնուի անդառնալի ընթացքի մէջ։
Շարունակուող յորձանուտը մեզ կը պահէ վտանգաւոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման. Հայաստանի քաղաքական բեմի դաժան իրողութիւններն ու շրջանային-միջազգային անբարենպաստ զարգացումները մեզ պիտի չմատնեն ընկրկումի, որովհետեւ փոխ-ընտրանքը համազօր է նաւակին շրջումին, նաւարկողներուն ջրամոյն ըլլալուն եւ մրցադաշտէն դուրս նետուելու. մարտահրաւէր մը, որուն մերժո՛ւմն է եղած մեր պատմութեան իմաստ ներարկողը։
Ռազմադաշտերու վրայ արձանագրուած շահերը կարեւոր են, սակայն նոյնքան կարեւոր են քաղաքական-դիւանագիտական-քարոզչական արշաւներուն կենսաւորումը, գործնական նաւարկումին այդ ոլորտներուն մասնակցութիւնը։
Մեր երթը պիտի շարունակենք անշեղ, նահատակներուն ու նուաճումները կերտողներուն հաւատարմութեամբ. մա՛նաւանդ արդարութեան ընթացքը շրջելու սպառնալիքներուն՝ պիտի հակադարձենք համապատասխան քայլերով. եթէ Ստեփանակերտի օդակայանը սպառնալիքի կ՛ենթարկուի, պէտք է հողը սասանենք ոտքերուն տակ բոլոր անոնց, որոնք փակ ականջներով եւ շեղող ակնարկներով կ՛անտեսեն նման անմարդկային ու անարդար արարքներ։ Երբ ոճրագործներ ազատ կ՛արձակուին Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ մէջ, անդադար պիտի մրճահարենք Անգարայի ու Պաքուի համախոհներուն գլուխները, սթափութեան հրաւիրենք մարդկութիւնն ու մարդկայնութիւնը ոտնակոխողները, անվհատ ու անդադար անոնց երեսին տալով, որ արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու մասին խօսքերը պէ՛տք է համապատասխան ըլլան գործին. միջազգային ու մարդկային օրէքները խախտողներուն նկատմամբ հանդուրժելի չէ բազմաթիւ չափ ու կշիռի մօտեցումը։
Այս նպատակին հասնելու համար, պէտք է իրազեկ ըլլանք սեփական ուժի տարողութեան ու նպաստ քաղենք մեր պայմաններէն։ Այո, Ատրպէյճանը քարիւղ ունի, Թուրքիա աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ թէ խաղաղարարի ու հարցեր լուծողի դիմակով, կը փորձէ շահագործել իրեն վիճակուած դերակատարութիւնը, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ խաբելը չի կրնար յարատեւ ըլլալ, ոճիրները չեն կրնար ընդմիշտ ծածուկ մնալ, երբ պատմական իրողութիւնները անդառնալի կերպով արձանագրուած են, արդարութիւն հետապնդողը գիտէ այս զէնքը լաւապէս գործածելու ձեւերը։
***
Հողը սասանել կամ գլուխներ մրճահարել ըսելով, ի մտի չունինք թուրք-ազերիական ոճով ոճրային սպառնալիքներ կամ արարքներ, այլ նկատի ունինք Հայաստանի մէջ պետական կառոյց ունենալու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ներկայութիւն ըլլալու մեր հանգամանքները։ Երբեք ուշ չէ, ու պէտք չունինք անպայման «շրջադարձային ամեակներ»ու սպասելու, որպէսզի պետական ու քաղաքական-դիւանագիտական միջոցները ազդու գործի մղենք այս նպատակին համար։
Արցախի թէ հայութեան արդար պահանջներուն համար, բոլորս կը նաւարկենք ու պիտի շարունակենք նաւարկել նո՛յն նաւակին մէջ, խաղաղ թէ յորձանուտ հոսանքներու վրայէն։ Քառորդ դար առաջ կերտուած յաղթանակը բաւարար է մենք մեզ համոզելու, թէ տկար չենք, այլ կրնանք մեր սահմանները պաշտպանող զինուորներուն ու դիմացող ժողովուրդին թիկունքին կանգնիլ տարբեր զէնքերով, արձանագրել նոր նուաճումներ, պատմական փուլերը դիտել լայնածիր շրջանակի մէջ, անտեսելով ու պարտութեան մատնելով նա՛եւ ներքին սայթաքումները։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ՏԻԿ. ԱԼԻՍ ՆԱՒԱՍԱՐԳԵԱՆ
SARKIS PASTRY
SUPERIOR ELECTRIC MOTOR SERVICES, INC.