
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».– Միացեալ Նահանգներ կը կիսէ Հայաստանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան տեսակէտը: Ուաշինկթընի մէջ արձանագրած են, որ նախագահական ընտրութիւնները կայացած են խաղաղ, եւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան յաղթած է ընտրութիւններուն՝ հաւաքելով ձայներուն 58.64 տոկոսը: Այս յայտարարութիւնը կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտը: «Մենք կ՛աջակցինք ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան նախնական եզրակացութեան այն բաժինին, ուր կը նշուի, թէ ընտրութիւնները ընդհանուր առմամբ լաւապէս կազմակերպուած էին եւ կը բնութագրուէին հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ յարգանքով՝ ներառեալ հաւաքները եւ արտայայտման ազատութիւնը:
«Մենք գիտենք նաեւ, որ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳը արձանագրած է, որ լրատուամիջոցները կատարած են իրենց օրէնսդրական առաքելութիւնը՝ ապահովելով հաւասարակշռուած լուսաբանութիւն բոլոր մրցակիցներուն համար», յայտնած է Նուլընտ։
Իբրեւ մտահոգութիւն ան անդրադարձած է հանրային կառավարման ծառայողներուն կողմէ անկողմնակալութեան որոշ բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական պաշարներու անտեղի օգտագործման: Նուլընտ նշած է, որ ընտրութիւնները հիմնականին մէջ տեղի ունեցած են հանգիստ եւ կանոնաւոր կերպով, սակայն տեղի ունեցած խախտումները լուրջ հետաքննութեան կարիք ունին, եւ այդ մասին նշած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳն: