ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Հայկական կինոյի զարթօնք» շարժապատկերի կեդրոնը տարուան լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն տարեկան մրցանակը այս տարի շնորհեց «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Ղարաբաղ. թաքնուած գանձ» ժապաւէնին:
Այս ժապաւէնը Արցախի մասին պատմող նախորդ ժապաւէններէն կը տարբերի անով, որ անոր մէջ Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին որեւէ խօսք չկայ: Արցախը ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է ամբողջովին այլ դիտանկիւնէ:
Ժապաւէնին բեմադրիչն է æիւան Աւետիսեանը:
Արցախի նուիրուած այս ժապաւէնը կը ներկայացնէ Արցախի բնութեան գողտրիկ «գանձերը», կը բացայայտէ պատմական ու հնաբոյր Արցախը՝ իր ժողովուրդով ու մշակոյթով:
æիւան Աւետիսեանի համաձայն, ժապաւէնին մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին չի խօսուիր ուղղակիօրէն: «Բայց հնարաւոր չէ ցոյց տալ մի կադր Ղարաբաղի մասին, որում չլինի այդ կոնֆլիկտը: Ֆիլմը ներկայացնում է այն, ինչը կը գրաւի զբօսաշրջիկին: Յետոյ այցելողին Արցախն ինքը կը պատմի իր մասին՝ իր հրաշքներով ու խնդիրներով», նշած է բեմադրիչը:
Ժապաւէնը կարելի է դիտել այցելելով հետեւեալ կայքէջը՝ http://www.youtube.com/watch?v= oZKg7XGPeoU&feature=player_embedded
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.