
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Արցախեան ազատամարտի հերոս, զօր. Արկադի Տէր Թադեւոսեանը 20 Փետրուարին տուած է մամլոյ ասուլիս մը՝ Արցախեան շարժման 25ամեակին առթիով՝ շեշտելով, որ Արցախեան շարժումը Հայաստանի ու Արցախի միասնական շարժումն է:
Վերջինիս համաձայն, Ղարաբաղեան շարժման ընթացքին բաւական շատ դժուարութիւններ ստեղծուեցան: Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ միւսները թոյլ չէին տար Արցախի անկախ հանրապետութիւնը նուաճել, Խօջալուի նուաճումն ալ աւելի կանուխ պիտի սկսէր, սակայն թոյլ չտրուեցաւ ատիկա ընելու:
«Խօջալուի գրաւման ժամանակ գիշերն սկսուեց օպերացիան, եւ գիշերուայ ժամը հինգին Հայաստանից նամակ ենք ստանում գործողութիւնները դադարեցնելու մասին: Տէր Պետրոսեանն ասել է՝ «քանի՞ գլխանի էք, որ որոշել էք ազատագրել Շուշին», ըսած է Թադեւոսեան՝ նշելով նաեւ ազատագրման դէմ եղող քանի մը անձերու անունները՝ Աշոտ Բլէյեան, Էդուարդ Գրիգորեան, Աշոտ Մանուչարեան:
«Խօջալուի դէպքերը ցոյց տուեցին, որ մենք ուրիշ ելք չունէինք, մենք պէտք է ազատէինք այդ քաղաքները, բայց մեզ թոյլ չէին տալիս», նշած է ան եւ աւելցուցած, որ Ղարաբաղին յատկացուած բոլոր օգնութիւնները կը մնային Հայաստանի մէջ եւ Արցախ չէին հասներ։
«Մեր քաղաքական ուժերը ռազմական գործողութիւններին դէմ էին, բոլորն էլ հայրենասէրներ էին, բայց նրանց քաղաքականութիւնը եղել է այն, որ Ղարաբաղը մնայ Ադրբեջանին, եւ նրանց քայլերը տանում էր դրան, բայց միւս կողմից Վազգէն Սարգսեանը կանգնեց եւ ասաց, որ Ղարաբաղը պէտք է ազատ լինի», պատմած է ան։
Արցախեան հակամարտութեան մասին ազատամարտի հերոսը ըսած է, որ արդէն բաւական ժամանակ կորսնցուցած ենք, եւ հիմա այդ սխալները պէտք է ուղղուին: Ան կարեւոր նկատած է այն, որ միջազգային հանրութիւնը գիտէ, թէ ի՛նչ է Արցախը, բայց եթէ ներկայիս ճիշդ դատում չի կատարեր, ապա որովհետեւ հետաքրքրութիւններ ունի Ատրպէյճանի պաշարներուն նկատմամբ։
«Ես համարում եմ, որ Ադրբեջանի նախագահը այլ ելք չունի, քան հային թշնամու կերպարով ներկայացնելը, բայց իրենց հանրութիւնը չի ցանկանում կռուել եւ պատրաստ չէ դրան», աւելցուցած է ան։
Կոմանդոսին հաստատումով, Ղարաբաղը պէտք է իր հարցերը լուծի ինքնուրոյն կերպով: